Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ֆրանսիս պապին վախճանումին առիթով յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Երջանկայիշատակ Ֆրանցիսկոս Պապը խոնարհ, քաջ ու բարի հովիւ էր, որ հաւատարմօրէն քայլում էր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետքերով: Նա ստանձնեց պապական բարձր ու պատասխանատու առաքելութիւնը դժուարին ժամանակներում եւ վկայեց Աւետարանը՝ մշտապէս պաշտպան լինելով արդարութեան ու խաղաղութեան, առանձնակի ուշադրութիւն ու խնամք բերելով կարիքաւորներին, ինչպէս նաեւ՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելով միջեկեղեցական յարաբերութիւնների զօրացմանը:
«…Առանձնակի մխիթարութեամբ ենք անդրադառնում, որ Սրբազան Պապը մշտապէս իր աղօթքն էր հնչեցնում պատերազմներով եւ անարդարութեամբ վիրաւորուած աշխարհի, ի մասնաւորի արցախեան պատերազմի ծանր հետեւանքները կրող մեր ժողովրդի համար»:
Կաթողիկոսը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առիթով Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հռչակումը իբրեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, ինչպէս եւ Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը «իր աղօթքն է վերառաքել առ Աստուած երջանկայիշատակ Սրբազան Պապի հոգու հանգստութեան եւ խաղաղութեան, ինչպէս եւ ողջ Կաթոլիկ Եկեղեցու հոգեւոր դասի եւ հաւատացելոց մխիթարութեան համար»:
Եսայի քհնյ. Աթենեան տեղեկացուց, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պիտի մասնակցի 26 Ապրիլին, Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսիս պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան: