ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Դարն է այլիրաւութեան, այսինքն այլընտրական ճշմարտութեան, որուն վերահասու կը դառնանք օրըստօրէ:
Վերջերս արխիւներս խառնշտկած ատենս գտայ տուփ մը, որ չեմ գիտեր ինչպէ՛ս ցարդ վրիպած էր ուշադրութենէս: Ծնողքէս մնացած էր եւ տակաւին առիթ չէի ունեցեր ծանօթանալու անոր պարունակութեան: Զգուշութեամբ բացի: Բացա՜ծ չըլլայի: Ինչե՜ր ըսես չգտայ այնտեղ, ինչեր՝ գերդաստանիս պատմութեան վերաբերեալ: Երկու մեծ հայրերուս եւ երկու մեծ մայրերուս երիտասարդական օրերն էին պատմուած այնտեղ, այլեւ մեր ժողովուրդի տարեգրութեան ամենէն երջանիկ շրջանը: Ինչպէ՞ս եղած էր, որ ես անտեղեակ մնացած էի այդ բոլորին, ու ամբողջ կեանք մը այդ ըսուածներուն ճիշդ հակառակին հաւատացած էի ու ըստ այնմ կողմնորոշուած իմ ազգային կեցուածքներուս ու գործունէութեանս մէջ:
Այսպէս, որքան, որ գիտէի, հօրենական մեծհայրս բռնի զինուոր էր տարուած Տարսոն քոլեճ ուսանած տարիներուն, երբ արդէն վաղուց կորսնցուցած էր իր ծնողքը ու մնացած մեծ մօր խնամքին: Մինչդեռ, չէր գիտեր, որ շնորհիւ երկրի բարենպաստ պայմաններուն, իր ծննդավայր Հաճնոյ մէջ ծնողքին տրամադրուած է եղեր շքեղ բնակարան մը, իսկ իր ուսման ամբողջ ծախսը ստանձնած է եղեր պետութիւնը: Յետոյ, երբ զինուորական տարիքի էր հասած, իրեն առաջարկած են Պէյրութի մէջ ծառայել բանակին, ուր համեմատաբար նուազ պահանջկոտ պայմաններ կային, հո՛ն շարունակելու իր համալսարանական ուսումը՝ ծառայութեան զուգահեռ: Աւարտին, բանակը պատրաստակամութիւն յայտնած էր զինք՝ իբր յառաջադէմ ուսանող, Ամերիկա ուղարկել՝ բարձրագոյն վկայականներու արժանանալու համար, վերադարձին ալ խոստանալով հրամանատարական առաջնակարգ պաշտօն մը:
Մեր գիտցածը այն էր, որ Պէյրութ իրեն արտօներ էին, որ մէկ կողմէն համալսարան երթայ, քանի որ լաւ յարաբերութիւններ ունէր իր մեծաւոր անգրագէտ սպաներուն հետ՝ գրելով անոնց անձնական նամակները ուղղուած իրենց ընտանիքներուն, բայց ուսումը աւարտելուն պէս կծիկը դրած, շունչը Աղեքսանդրիա առած էր՝ նաւու մը վրայ պահուըտած: Իր ընտանեկան պարագաներէն՝ ոչ մէկ լուր: Որքա՜ն սխալ է եղեր մեր գիտցածը:
Հօրենական մեծ մայրս ալ, գիտէինք, որ 1895-1896ի ջարդերուն Ակնէն ճողոպրած ընտանիքի մը զաւակն էր, ծնած Հալէպ. մինչդեռ, անոնք փախստական չէին եղած, այլ իր հայրը տէրն ու տնօրէնն էր լուսանկարչական մեծ հաստատութեան մը, երեք մասնաճիւղերով, թէ՛ իր ծննդավայրին մէջ, թէ՛ Հալէպ, եւ թէ ալ Աղեքսանդրիա, ուր պիտի փոխադրուէին ընտանեօք աւելի ուշ: Գտած տուփիս մէջ կային թէ՛ իր Ակնի ապարանքին բանալին, թէ՛ ալ միւս մեծ հօրս Հաճնոյ տան բանալին: Անոնք յաճախ կը վերադառնան եղեր ու կը վայելէին իրենց հայրենական տուներու հարազատ միջավայրն ալ:
Մօրենական մեծ հայրս Դանիէլ Վարուժանի համագիւղացի, դասընկեր, ամբողջ կեանքը շարունակած է թղթակցիլ իր բանաստեղծ ընկերոջ հետ մինչեւ խոր ծերութիւնը երկուքին: Աղեքսանդրիա գործուղուած է իբր ուսուցիչ, չափազանց սիրած է քաղաքը, հոն ալ կանչած է նշանածը՝ Սամաթիա ծնած ու Վառնա իբր ուսուցչուհի պաշտօնավարած մեծ մայրս. ամուսնացած են 1915 Ապրիլ 24ին, խաչեղբայրութեամբ նոյն ինքն Վարուժանին:
Մեծմօրս քոյրերէն ոմանք ճամբորդել սիրող աղջիկներ եղած են, առիթով մը Փարիզ գացած են, անոնցմէ երկուքը սիրահարուած են ա՛յդ քաղաքին, հոն ալ մնալ որոշած են: Միւս երկուքը վերադարձած են Պոլիս՝ ամեն տարի այցելելու երթալով կամ մէկ քրոջ կամ միւսին:
Այդ մոգական տուփին մէջէն տակաւին ի՜նչ-ի՛նչ հետաքրքրական բաներ ալ ի յայտ եկան: Հայաստանի պաշտօնական քարտէզ մը, հայերէն ու թրքերէն, հրատարակուած Օսմանեան կայսրութեան պատկան նախարարութեան կողմէ, ուր հայաշատ վեց նահանգները որպէս մէկ ամբողջութիւն ներկայացուած են որպէս հայկական ինքնավար պետութիւն՝ հայերէնը ունենալով որպէս պետական առաջին լեզու:
Տակաւին բազմաթիւ գեղատիպ լուսանկարներ, մեծ մասամբ հայկական միջնադարեան եկեղեցիներու, մասամբ ալ այլ շէնքերու՝ դպրոցներ, գրադարաններ, պատմական բերդեր եւ այլն, բոլորն ալ վերանորոգուած, իրենց հի՜ն պատմական տեսքը վերստացած ու հռչակուած որպէս ազգային անհպելի ժառանգութիւն, արժանի՝ պետական մնայուն հոգածութեան:
Նաեւ երկար ցանկ մը բոլոր այն ձեռագրերուն, որոնք յատուկ ուշադրութեան արժանացած են, պետութեան ծախսով մաքրուած, նորոգուած, ամրակուռ կազմուած ու յատուկ նորակերտ թանգարաններու մէջ զետեղուած, անխորտակելի ապակեդարաններու մէջ:
Յստակ է հիմա մեզի համար, որ մեր ընտանիքը որեւէ հարստահարութեան, որեւէ հալածանքի, որեւէ զրկանքի չէ ենթարկուած, ընդհակառակն, վայելած է կեանքի լաւագոյն պայմանները:
Նոյնը ըլլալու է շատ շատերու համար, բոլորի՛ս համար: Ի՞նչ Եղեռն, ի՞նչ Ցեղասպանութիւն:
Արթնցայ ընդոստ:
Երա՞զ մըն էր: Շքե՜ղ երազ մը: Այլընտրակա՜ն պատմութիւն մը:
Արթնցէ՛ք դուք ալ: Այդպիսի շողշողուն անգոյութիւններէ չխաբուիք:
Տակաւին երկա՜ր է ճանապարհը մեր առջեւ:
Պայքարի՛ ճանապարհը: