Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երէկուան յայտարարութեան մէջ ախտաճանաչման բաժինը, որ պարզ կրկնութիւնն ու համառօտ ամփոփումն է անցեալ ամիսներու դաշնակցական գրաւոր ու բանաւոր ամպիոններէն կատարուած վերլուծումներուն ու քննադատութիւններուն, կրնայ յաւակնիլ ներկայացնել ամէնէն ընդդիմադիր գնահատականները մեր հանրապետութեան վիճակին մասին։
Կարդանք միայն «առճակատման կործանարար ճանապարհ»ի արդիւնքները ձեւակերպող պարբերութիւններէն առաջինը.
«Հասարակութեան մէջ բարոյա-հոգեբանական անկումային տրամադրութիւնները, յուսահատութեան, երկփեղկուածութեան, փոխադարձ անհանդուրժողականութեան, անվստահութեան, երկրի զարգացման հեռանկարի նկատմամբ անորոշութեան, մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների խաթարման զգացումը վտանգաւոր աստիճանի է հասել»:
Ո՞վ է պատասխանատուն այս վիճակին։
Ինչպէ՞ս յառաջացան հասարակութեան մէջ բարոյա-հոգեբանական անկումային տրամադրութիւնները։
Երկփեղկուածութեան, փոխադարձ անհանդուրժողականութեան, անվստահութեան սերմերը ինչպէս եւ որո՞ւ միջոցաւ ցանուեցան ժողովուրդի մէջ։
Երկրի զարգացման հեռանկարի նկատմամբ անորոշութիւնը ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ։
Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խաթարման զգացումը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այսքան վտանգաւոր աստիճանի հասաւ։
Կասկած չկայ, որ այս բոլոր վիճակներու ստեղծման հիմնական պատասխանատուն իշխանութիւններն են։ Կարելի չէ մեղադրել ժողովուրդը, նոյնիսկ ժողովուրդի մէկ հատուածը, կամ այդ հատուածը ղեկավարող գործիչները՝ անոնց վերագրելով ամէնէն սատանայական, ամէնէն դիւական կարողութիւններն ու նպատակները։
Իշխանութիւնները ուժի դիրքերու վրայ են եւ այդ դիրքերէն, իրենց անհամեմատ հնարաւորութիւններով, պէտք է կարենան ժողովուրդին յոյս, հաւատ ու վստահութիւն ներշնչել, այլապէս ճգնաժամի մէջ կը գտնեն իրենք զիրենք, ինչպէս ալ պատահեցաւ։
Պատասխանատաուութեան խնդիրն ալ նոյն ձեւով կը յստականայ։ Այս վիճակի պատասխանատուն, վերջ ի վերջոյ իշխանութիւնն է, որ պէտք է անդրադառնայ իր պատճառած, իր ստեղծած կացութեան լրջութեան եւ փորձէ լուծում գտնել։
Հասկնալի է, որ որեւէ իշխանութիւն այնքան ազնիւ ու անշահախնդիր չի կրնար ըլլալ, որ գիտակցելէ ետք իր պատասխանատուութիւնը, թողու դաշտը ու հեռանայ։ Իրապաշտ պէտք է ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրական լուծումներ գտնել, այլ ոչ թէ իյնալ ցանկալի երազներու գիրկը։
Իրապաշտը այս պարագային, իշխանութեան բաշխումն է ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը բանաձեւով։ Այդ բանաձեւի ուղղութեամբ իր առաջարկը ունի Դաշնակցութիւնը եւ զայն ներկայացուցած է իր յայտարարութեան մէջ։