Զրոյցը ինք կը սկսի «Ասպարէզ»ին նոր ծրագիրներ առաջարկելով։ Խոստովանիմ՝ ես ալ բազմաթիւ ուրիշներու նման Վահէ Պէրպէրեանին հիացողներու ակումբի անդամ կը սեպեմ ինքզինքս, ուրեմն կրնաք հասկնալ, թէ ինչ երկիւղածութեամբ կ’ունկնդրեմ իրեն եւ առաջարկները հատ հատ կ’արձանագրեմ, հետագային իրագործելու հաստատ վճռականութեամբ։
Վահէն մարդ հրապուրելու շնորհք ունի՝ երիտասարդ թէ տարեց։ Հրապոյրը բնական է, ոչ մէկ բռնազբօսիկ բջիջ չկայ այս արուեստագէտին մէջ։ Հաւանաբար իր անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնն են, որ բացի իր արուեստէն, զինք իբրեւ անձ փնտռել կուտան շատ շատերու։
Վահէն զինք փնտռողներուն, իրեն հետ կապ պահել ուզողներուն կ’ընդառաջէ անվերապահօրէն։ Նախ յայտնի է, որ իր տան դուռը բաց է ամէնուն։ Վահէին առանձին գտնել շատ հազուադէպ է։ Նաեւ, Վահէ ամէն օր առնուազն երկու ժամ կը նստի համակարգիչին առջեւ միայն պատասխանելու համար իրեն գրուած նամակներուն։ Իր vaheberberian.com կայքէջը այցելողներուն թիւը, աւելի ճիշդը իր կայքէջը բացողներուն թիւը միջին հաշուով ամիսը քառասուն հազարի կը հասնի։ My Space, Facebook կամ որեւէ միջոցով իրեն հաղորդակից դառնալ ուզողներուն անպայմանօրէն կը հասնի ան։
Մէկ տարի առաջ Իրաքէն ալ սկսայ նամակներ առնել, կ’ըսէ Վահէն։ Ինչպէ՞ս։ Մարդիկ ինչպէ՞ս կը ծանօթանան իր գործերուն։
Բացի կայքէջէն, Վահէի մենախօսութիւններու շարքի տեսաերիզներու լայն տարածումն է, օրինական եւ անօրինական ճանապարհներով ընդօրինակուած եւ սփռուած աշխարհով մէկ, հայկական բոլոր գաղութներու մէջ։
Վահէն շրջապատուած է հիմնականօրէն երիտասարդներով, որոնք թէ կը սպառեն զինք եւ թէ երիտասարդ կը պահեն։ Իրենք՝ այդ երիտասարդները ընդհանրապէս արուեստագէտներ են, երաժիշտներ, նկարիչներ, գրողներ։ Իր ծանր բեռը կը թեթեւցնէ Քրիսթինէ Շիրինեանը, իր գործերու կառավարիչը, որ կը կազմակերպէ արտաքին աշխարհի հետ իր յարաբերութիւնները, սկսեալ պատկերասրահներէն մինչեւ իր նկարներու հին ու նոր գնորդները։
Հայ մշակոյթի սփիւռքեան ապագայի մասին խսօելով, Վահէն իր նկարագրային գծի մէջ յոռետեսութեան երանգը կը վկայակոչէ, ըսելով, որ ինչպէս երկրագունդը դէպի կործանում կ’երթայ, այնպէս ալ, բնականաբար, երկրագունդին հետ առընթեր, ամէն ինչ ամէն օր քիչ մը աւելի կը փլուզուի։ Սակայն, ինչպէս ամէն օր մահուան մօտեցող մարդը կը պայքարի քանի մը օր աւելի ապրելու, կեանքի մակարդակը քիչ մը եւս բարելաւելու, այնպէս ալ ինքը՝ Վահէն, կ’աշխատի իր նպաստը բերելու մեր մշակոյթի վերելքին։
Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ նման շրջաններու մէջ իր մենախօսութիւնը ներկայացնելով, Պէրպէրեան կը զգայ, որ պարտականութիւն մը կը կատարէ այդ համայնքներու հայ անդամներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելով, սակայն երբ կը հեռանայ, կ’անդրադառնայ, որ անոնց մահուան սնարին մօտ է, որ կանգնած է։
Հիմնական խնդիրը անշուշտ լեզուի հարցն է։ Վահէն, որ կրնայ նոյնքան հանգիստ անգլերէնով մենախօսութիւններ պատրաստել, որոշած է միայն հայերէնով ներկայանալ, այլպէս՝ իր բառերով՝ «Կեանքս լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ պիտի երթայ, որուն ես համաձայն չեմ»։
Մենախօսութիւնը ժողովուրդին հետ շփուելու ամէնէն մատչելի ձեւն է։ Մանաւանդ երիտասարդները, 13-17 տարեկան պատանիները յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն իր արուեստի այդ տեսակին։ Գիտէ, որ այդ տղաներն ու աղջիկները իրենց ծնողներէն ստացած են առաջին մղումը գալու եւ դիտելու ներկայացումը, սակայն, առաջին հանդիպումէն ետք արդէն նոր տեսակի կապ մը, հետաքրքութիւն մը յառաջացած է անոնց մէջ։
Հետաքրքական է, որ, օրինակ, Սան Ֆրանսիսքոյէն ծնող մը հեռաձայնեց ինծի ըսելու համար, որ իր զաւակը սկսած է հայերէն խօսիլ շնորհիւ իր դիտած մենախօսութիւններուն, կ’ըսէ Վահէ։ Միակ խնդիրը, ծիծաղով կը պատմէ Պէրպէրեան, ծնողին մտահոգութիւնն է, որ զաւակը Վահէին խօսքին նմանութեամբ կը բարբառէ մայրենին։
Երիտասարդները ամէնէն առաջ մարդը կը փնտռեն, կ’ըսէ Վահէն եւ այստեղ, իր կեանքի առաջնորդող սկզբունքներէն մէկը բացատրելու համար կը մէջբերէ Օսքար Ուայլտի մէկ խօսքը. «Ես իմ հանճարս զետեղած եմ կեանքիս մէջ, իսկ արուեստիս մէջ դրածս միայն տաղանդս է»։
Վահէն կը նախընտրէ իր սուղ ստեղծագործական ժամանակէն գողնալ, եթէ գիտնայ, որ գողցուած ժամանակը օգտակար պիտի ըլլայ մէկուն, բան մը պիտի փոխէ անոր կեանքին մէջ։
Մենախօսութիւններու բաժինը փակելէ առաջ պէտք է նշել, որ միշտ ալ նկատելի եղած է մեծ թիւով իրանահայերու ներկայութիւնը հանդիսատեսներու մէջ, սակայն «Տակաւին»էն ետք կամաց-կամաց Հայաստանէն եկողներու սոկոսն ալ սկսած է բարձրանալ։ Հասարակաց գիծը սփիւռքահայու զգացողութիւնն է, որ կաթիլ առ կաթիլ կը ներարկուի բոլոր այստեղ հաստատուողներուն մէջ։
Թատերախաղերէն վերջինը «Պարոն Կարպիս»ն է, որ Մարտ 16ին պիտի փակուէր, վերջանար, սակայն ամիսով մը երկարաձգուեցաւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի սրահ փոխադրուելով։ Ապրիլ քսանին վերջին ներկայացումը պիտի տրուի, կ’ըսէ Վահէ։
Այո, ներկայացման նախօրէին անչափ մտահոգ եղած է։ Արդեօք հանդիսատեսը ինչպէս պիտի ընդունի զայն, դերասանները, բեմադրութիւնը կազմակերպչական աշխատանքները, այս ամբողջ արտադրութիւնը անձկութիւն կը պատճառեն հեղինակ-բեմադրիչին։
Բարեբախտաբար բոլոր երեսունութ ներկայացումներն ալ յաջող էին, տոմսերը միշտ սպառած։ Հանդիսատեսին հետ հաղորդակցութիւնը հետաքրքրական էր։ Մարդիկ իրենք զիրենք չէին կրնար զսպել, կը խօսէին դերասաններուն հետ։ Գործը կրցաւ Պուրճ Համուտէն դուրս գալ եւ նուաճել լոս անճելըսահայը՝ անկախ թէ ուրկէ եկած էր ան։
Մարմինս փշաքաղուեցաւ։ Շուարեցայ։ Թէ կու լայի եւ թէ կը խնդայի։ Այսպիսի վկայութիւններ կու տային հանդիսատեսները։
Դերասանական խումբ մը, սփիւռքի մէջ երեքուկէս ամիս անընդհատ խաղալով այսպիսի ներկայացումի մը մէջ աննախդէպ շռայլանք մըն էր, որ ապրեցաւ։ Իւրաքանչիւր դերասան ամէն խաղի ատեն նոր գիւտ մը կ’ընէր, նոր գիծ մը կը զարգացնէր, հրաշալի փորձառութիւն էր։
Յաջորդ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Բոլորս ալ նոյնը կը մտածենք։ Կարծես մտահոգութիւն մը ունինք, որ պարապ մը պիտի ստեղծուի մեր կեանքին մէջ։ Ինծի համար, անշուշտ, հաճելի պիտի ըլլար, որ մնայուն կերպով թատերախաղեր գրէի ու ներկայացնէի։ Բայց այդ հեւքին վստահ, որ առողջութիւնս չէր դիմանար։
Թատերագիր չկայ։ Դերասաններ կան, սակայն մեր առօրեային հետ առնչուող թատերախաղեր չկան։
«Պարոն Կարպիս»ը ճամբորդական ծրագիրներ ալ ունի։ Անշուշտ հրաւէր կայ իր ծննդավայրէն, Պուրճ Համուտէն։ Սակայն աւելի առաջ Պարոն Կարպիս պիտի հանդիպի Սան Ֆրանսիսքոյի, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի հայութեան։ Շատ պիտի ուզէր Հայաստան այցելել։ Ծրագիրը կայ։ Կը մնայ յստակացնել։
Կը խօսի հնուց փայփայած երազի մասին. արուեստի կեդրոն մը։ Հիմա ալ մարդիկ կան, որ ճիգ կը թափեն նման կեդրոն մը կառուցելու ուղղութեամբ։ Այդպիսի կեդրոնի մը մէջ ինչեր կարելի է ընել։ Երեւակայէ, որ հեռատեսիլի ինչ ծրագիրներ կարելի է իրականացնել նման կեդրոնի մը մէջ։
Անմիջապէս վերադարձ մը ընելով. գիտես, ինչ լաւ կ’ըլլար, եթէ Պարոն Կարպիսը հեռատեսիլի բազմաշարք ծրագրի մը վերածուէր։ Մեծ բան չի պահանջեր, բայց կ’ունենանք «Արչի պանքըր»ի, կամ «Օլ ին տը ֆամիլիի» օրինակով ծրագիրներ։ Ամէն դրուագի վերջաւորութեան Պարոն Կարպիս մարդ կը փնտռէ արհեստական ոտքը Հայաստան ուղարկելու։ Ի վերջոյ, կը գտնէ մէկը։ Հրանդ Թոխատեանը կրնայ խաղալ այդ մասը։ Հետագային, Պարոն Կարպիսը ինք կ’երթայ Հայաստան ու մեծ յուսախաբութիւն կ’ապրի, երբ կը տեսնէ այդ ոտքը թատրոնի մը մէջ կ’օգտագործուի։ Արդէն Վահէն երազներու մէջ է։
Անցանք գիրք ու գրականութեան։ Վերջին նորութիւնը մամուլը տեղեկագրած է։ «Յանուն հօր»ը թրքերէնով լոյս ընծայուած է Պոլսոյ մէջ, «Արաս» հրատարակչականին կողմէ, Թալին Սուջեանի թարգմանութեամբ եւ Մարալ Թոմաքեանի խմբագրութեամբ։
Ուրախ է Վահէն, որովհետեւ առանց ոչ մէկ զիջում ընելու, իր հայերէնով արդէն դժուար գտանելի դարձած ստեղծագործութիւնը տեսած է թրքերէնով հրատարկուած։ «Նամակներ Զաաթարէն», իր առաջին գործը երկրորդ հրատարկութիւն մը ունեցած է Լիբանանի մէջ ու դարձեալ դժուար գտանելի է։
Ես արձակագիր չեմ նկատեր ինքզինքս, այլ լրագրող։ Ես դիտող եմ, ներկայացնող, զեկուցող։ Կը փնտռեմ ճշմարտութիւն ու անկեղծութիւն։
Նկարչութեան մէջ, սակայն, ոչ մէկ սահման, ոչ մէկ օրէնք կը ճանչնամ։ Նկարչութիւնը իմ բանաստեղծութիւնս է։
Մայիս երեքին «Ամպրոճի»ի պատկերասրահին մէջ կը սկսի Վահէի վերջին նկարչական գործերու ցուցադրութիւնը։
16 տարեկանիս կրնամ ըսել, որ ազդեցութիւններ կրած եմ։ Փիքասօ, Քուպիսթներ։ Կամաց-կամաց ազդեցութիւններէն ազատագրուելու փորձերը կը շեշտուին։ Ութսունական թուականներուն կերպարանային տարրերը սկսան իրենք զիրենք զգացնել տալ, ապա անցայ վերացական պատկերին, որմէ ետք գործերուս մէջէն սկսայ դուրս բերել զարդային բաժինները, հասնելով մինիմալիզմի։ Հիմա ազատագրուած կը զգամ։ Հիմա ունիմ իմ գնորդը եւ իմ գործերս գնահատուած են։ Ուրեմն կրնամ անցնիլ ամբողջական բիւրեղացման, բացարձակ նուազագոյնին հասնելու պատկերներու մէջ։
Շփացած նկարի՞չ կը դառնաս։ Երեք գիծ կը քաշես պաստառի վրայ եւ իբրեւ մեծ գործ կը հրամցնես արուեստասէրին։
Ի՞նչ է տարբերութիւնը երեք գիծ քաշող մինիմալիստ կապկողին եւ իրական մինիմալիստին միջեւ։
Իրական մինիմալիստի գործը կատարելութեան հասած է, երբ անոր պատկերէն ջնջելիք բան չէ մնացած։ Երեք գիծ քաշող նկարիչին առաջնորդող հարցը՝ ի՞նչ աւելցնեմ, որ կատարեալ դարձնեմ աշխատանքը։
Բազմաշնորհ ըլլալը այնքան ալ հաճելի բան չէ։ Ժամանակացոյցը՝
Ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի՝ նկարել։
Չորեքշաբթիները ազատ՝ հանդիպումներու համար։
Երկուշաբթիները եւ Ուրբաթ օրերը՝ գրելու յատկացուած։
Ծանրաբեռնուածութիւնը ահաւոր է։ Մայիս 4ին Վահէն պիտի դադար մը առնէ, հանգստանայ։
Յետոյ։
Հաճելի անակնկալը։
Սեպտեմբերին Վահէն հանդէս պիտի գայ նոր մենախօսութեամբ մը։