Կառավարութեան ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանումի ծրագիրին համաձայն, հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ նախատեսուած է կառուցել 26 բնակելի տուներ՝ բազմազաւակ (6էն եւ աւելի երեխայ ունեցող) ընտանիքներու համար։
Այս մասին յայտարարեց է Ղարաբաղի ընկերային ապահովութեան նախարար Նարինէ Ազատեան՝ բնակարանային ծրագիրներու համակարգումի պետական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին:
Նախարարի խօսքերով, կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ այդ բոլոր ընտանիքները բնակարաններու կարիք ունին:
Շուշիի շրջանի վարչակազմերու ղեկավարը քննարկեց Եղծահող գիւղին մէջ բնակող, 10 երեխայ ունեցող ընտանիքի մը համար տուն կառուցելու խնդիրը, որ, ըստ անոր, խոստացած են, սակայն չեն իրագործած խոստումը: Ի պատասխան փաստուեցաւ, որ այդ ընտանիքին համար տուն կառուցուած է կողքի Կանաչ Թալա բնակավայրին մէջ, ուր այդ ընտանիքը չէ ցանկացած տեղափոխուիլ:
Նիստի ընթացքին որոշուեցաւ վերանորոգել Բերձոր քաղաքի 3րդ թաղամասի նախկին հիւանդանոցի շէնքը, բան մը որ, հնարաւորութիւն պիտի տայ 27 ընտանիքի բնակարանով ապահովելու:
Շուշիի մէջ կը վերակառուցուի բազմաբնակարան շէնք մը, որ, վարչապետին հաստատումով, մէկ մարդու սեփականութիւն է, սակայն, շէնքէն երկու յարկեր պիտի տրամադրուին փախստականներու ու Ստեփանակերտի հանրակացարաններուն մէջ բնակող ընտանիքներուն: Ինչպէս նաեւ, այս տարի կ’աւարտի Մարտակերտ քաղաքի մէջ 18 բնակարանոց շէնքի եւ Թալիշ գիւղի մէջ 10 բնակելի տուներու կառուցումը: Նորակառոյց շէնքը կը տրամադրուի զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ առանց ծնողական խնամքի մնացած քանի մը երեխաներու:
Կը նախատեսուի նաեւ Թումանեանի մէջ 25 բնակարաններ նոյնպէս տրամադրել զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն: