Մեր հիւրը Խուան Փապլօ Կէշիճեանն էր, Էռնէքեանի հայաստանեան երկու մեծ ծրագիրներու պատասխանատուներէն։ Փապլօ «Զուարթնոց» օդակայանի տնօրէնն է, միեւնոյն ժամանակ «Քոնվերս» դրամատան տնօրէն խորհուրդի անդամ։ Վահէ Եագուպեանին հետ մտաւ «Ասպարէզ»ի շէնք, բարեւ ըսելու, սակայն բարեւէն անդին անցանք ու բռնուեցանք զրոյցի։
2002ի Մարտէն ի վեր Փապլօ Հայաստան կ’ապրի իր չորս զաւակներով։ Կը սիրեմ Երեւանը, որովհետեւ զաւակներս կրնան դուրսը, բակին մէջ հանգիստ խաղալ, եւ ընդհանրապէս հրաշալի տեղ է զաւակ մեծցնելու համար, կ’ըսէ ան։
Խօսակցութիւնը աւելի շատ կեդրոնացաւ «Քոնվերս» դրամատան գործունէութիւն շուրջ։ Ըստ Փապլոյի, այս դրամատան միջոցաւ, Էռնէքեան կը փորձէ աւելի մեծ սփիւռքեան դրամագլուխ ներգրաւել Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, խթանելով անոր զարգացումը։
«Քոնվերս» դրամատունը վերջին տարուան ընթացքին կրկնապատկած է իր դրամագլուխը եւ արդէն Հայաստանի հինգերորդ մեծագոյն դրամատունը ըլլալու կարգավիճակէն երրորդը դառնալու ճանապարհին է։
Դրամատունը ներկայիս ունի 23 մասնաճիւղ եւ որոշ նախաձեռնութիւններու ճամբով մասնաճիւղերու թիւը շուտով բազմացնելու հնարաւորութիւն։ Գիւմրիի մէջ ներկայիս կը գործեն երկու մասնաճիւղեր։
«Քոնվերս»ի ընդհանուր ունեցուածքներու արժէքը կը հասնի վաթսունութ միլիառ դրամի, աւելի քան երկու հարիւր միլիոն տոլար։ Դրամատունը վարկեր կը տրամադրէ ինքնաշարժ, բնակարան գնելու, փոքր եւ միջին գործարարներու, անձնական վարկեր կու տայ՝ սպառողական ապրանքներ գնողներու, որու միջոցաւ տնտեսութիւնը կը խրախուսուի, կը շարժի։
Փապլօ Լոս Անճելըս կը գտնուի յատուկ ծրագրի մը նախնական ուսումնասիրութիւնները կատարելու համար, ծրագիր, որ կը նպատակադրէ Հայաստան փոխանցուող գումարներու փոխանցումը նուազ ծախսալի դարձնելու, ինչպէս նաեւ հրապուրելու արտասահմանեան դրամագլուխը ի Հայաստան։
Էռնէքեան ինք հսկայական գումարներ կը ներդնէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ սակայն կ’աշխատի, որ առնուազն իր ներդրումներու որոշ համեմամատութեամբ գումարներ ներդնեն նաեւ ուրիշ սփիւռքահայեր, որոնց դրամագլուխը ինք շահաբեր կերպով կառավարելով անոնց պիտի տայ կրկնակի գոհունակութիւնը թէ՛ դրամ շահելու եւ թէ՛ հայրենիքի զարգացման նպաստելու։
Էռնէքեան մեծ ներդրումներ կատարած է նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ, երկու հազարէն աւելի հեքթար տարածք այգիի վերածելով Արմաւիրի շրջանին մէջ։ Իր միջոցներով եղանակի կանխատեսման կեդրոն մը ստեղծած է, որու տուեալները կը ծառայեն կանխելու համար ծառերու ցրտահարութիւնը եւ փրկելու համար բերքը։
Վերադառնալով «Քոնվերս»ի գործունէութեան, գիւղատնտեսական մանր վարկերը եւս հնարաւոր պիտի դառնան այս դրամատան վարկային հետագայ ծրագիրներու միջոցաւ։ Գիւղացիին օժանդակելու, զայն հողին կառչած պահելու համար անհրաժեշտ է անոր տրամադրել քիչ տոկոսով վարկեր, եւ «Քոնվերս պանք»ը կը ծրագրէ դրամագլուխ յատկացնել այդ ծրագրին։
Գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ, «Քոնվերս պանք»ը մեծ յաջողութիւններ արդէն արձանագրած է յաղթելով եւ շահելով Համաշխարային դրամատան հինգ ծրագիրներէն երեքը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք երիտասարդ Փապլոյին։