ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Նահար» կը գրէ, թէ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կ’ակնկալէ, որ հայութեան տրուի երկու նախարար՝ մէկը ընդդիմութեան, իսկ միւսը՝ իշխանամէտներուն կողմէ։ Ան նշած է, Դաշնակցութիւնը ժողով պիտի գումարէ իր թեկնածուին անունը առաջադրելու նպատակով, անհաւանական նկատելով իր թեկնածութիւնը:
Բագրատունի վստահութիւն յայտնած է նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի «խոհեմութեան նկատմամբ, ինչ որ մեզի պիտի օգնէ խոհեմ ըլլալու»: