ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի 11 Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի փոքր դասարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ քահանայից պատրաստութեան մասնաւոր դասարանի ուսանողներ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան։ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական բարձր տնօրինումով, Դպրեվանքի տեսչութիւնը ձեռնադրութեան ներկայացուցած էր դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան յարմարագոյն երկու դասարանները։
Մայր խորանի բեմին առջեւ տեղի ունեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ Կոմիտաս արք. Օհանեանի:
«Հայր մեր»էն առաջ տեղի ունեցող ձեռնադրութեան երկրորդ արարը կիսասարկաւագութեան յատկացուեցաւ: Դպրեվանքին աւագ դասարաններու սաներուն կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարեց ու յորդորեց զանոնք ըլլալ հաւատարիմ իրենց պաշտօնին։
Պատարագէն անմիջապէս ետք, նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները վեհափառին օրհնութիւնը ստացան: