Լաւատեսութիւնը իր մէջ ահաւոր դրական ուժ կը պարունակէ։ Երկիրներու տնտեսական վերելքի կամ անկման մէջ բնակչութեան՝ իր ապագայի հանդէպ ունեցած լաւատես կամ յոռետես զգացումները կարեւորագոյն ազդակներէն կը նկատուին։ Հետեւեցէք արժեթուղթերու շուկայի ելեւէջներուն եւ կը նկատէք անոնց կապակցութիւնը բնակչութեան լայն խաւերու վերաբերմունքին՝ լաւատես, թէ յոռետես ըլլալուն, վստահութեան կամ անվստահութեան՝ թէ երկրի իշխանութիւնները նպաստաւոր քայլեր պիտի առնեն տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ, թէ անկարող պիտի ըլլան ազդելու գործընթացին վրայ։
Այս մեկնակէտէն է, որ հետաքրքրական կը նկատենք ընդդիմադիր հակումներով յայտնի «Առաւօտ» թերթի պատուիրած հարզախոյզի տուեալները, ըստ որոնց, Երեւանի բնակչութեան մէջ այնքան ալ քիչ տոկոս չի կազմեր ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ տրամադրուածներու թիւը։
Տոկոսային իմաստով, տակաւին յոռետեսները, որոնք «ոչինչ էլ չի փոխուի»ի հաւատացողներ են, աւելի մեծ թիւ կը կազմեն, հարիւրէն՝ 43.59 տոկոսը, սակայն լաւատեսները եւս կը կազմեն նկատելի մասը բնակչութեան՝ 41.63 տոկոս։
Հայաստանի հասարակութեան մէջ տիրող մտայնութեան, վերջին տարիներու մեր ժողովուրդի ապրած կեանքին ու փորձառութիւններուն լոյսին տակ, լաւատեսներու այսպիսի մեծ տոկոս մը ունենալը ինքնին նշանակալից է։ Վերջին տարիներուն, նոյնիսկ տնտեսական բարձր ցուցանիշներով անցած տարիներուն՝ Հայաստանի հասարակութեան մէջ կարծես միշտ ալ իշխող եղած է թերահաւատութիւնը, անվստահութիւնն ու յոռետեսութիւնը ամէն ինչի հանդէպ՝ բայց մանաւանդ կառավարութեան գործունէութեան վերաբերեալ։
Այս իսկ պատճառով, այս նոր տուեալի լոյսին տակ, Հայաստանի կառավարութիւնը շատ բան կրնայ ընել՝ յենելով ոչ այնքան քիչ, աւելին, կարեւոր զանգուած մը հաշուող լաւատեսներու այս հատուածի ներուժին վրայ, որպէսզի կարենայ տեղէն շարժել տնտեսական զարգացումը՝ այնպէս, որ աւելի մեծ խաւ մը ներգրաւուի աշխատանքի ու անոր բերած արժանապատիւ կեանքի շրջանակին մէջ։