ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրած է հրամանագիրներ՝ իրենց նախարարական պաշտօններէն ազատելով Աղուան Վարդանեանը, Լեւոն Մկրտչեանը եւ Դաւիթ Լոքեանը։ Երեք նախարարները անցեալ շաբաթ հրաժարական տուած էին իրենց պաշտօններէն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմնի՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուելու պատճառով:
Հանրապետութեան նախագահը նոյն օրը երեք այլ հրամանագիրներով ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար նշանակեց Սպարտակ Սէյրանեանը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար նշանակեց Արսէն Համբարձումեանը եւ գիւղատնտեսութեան նախարար նշանակեց Արամայիս Գրիգորեանը:
Երեք նոր նշանակեալներն ալ անդամ են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իրենց անունները նախագահին առաջարկուած են կուսակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի կողմէ:
Սպարտակ Սէյրանեան պատմաբան է, աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժինը: Եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ «Երկիր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
Արսէն Համբարձումեան 2005էն ի վեր կ’աշխատէր իբրեւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտի կառավարման վարկային ծրագրի համակարգող:
Արամայիս Գրիգորեան մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է, եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր: