Անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ունկնդրութիւններու ընթացքին Քոնկրեսի անդամները սուր կերպով քննադատեցին Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ Պուշի վարչակազմի ամօթալի փախուստ տալը։
Առաջին ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ 18 Յունիսին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, եւ «Կովկաս-սառեցուած տագնապներ եւ փակ սահմաններ»ու մասին էր, իսկ երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ քննարկեց Հայաստանի մէջ դեսպանութեան թեկնածուի մը վաւերացման հարցը։
Ներկայացուցիչներու տան մէջ ունկնդրութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տանիէլ Ֆրիտ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին անդրադարձաւ Թուրքիոյ կոչ ուղղելով՝ «հաշտուելու իր պատմութեան մէկ սեւ էջին՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային ջարդերուն եւ բռնի աքսորին հետ»։ Իր զեկուցումէն ետք Ֆրիտ ներկայացուցիչներու տան աւելի քան տասնեակ մը անդամներու կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ։
Բուռն բանավէճին ընթացքին ներկայացուցիչ Տայան Ուաթսըն (Դ. Քալիֆորնիա) Ֆրիտէն տեղեկութիւն պահանջեց իր անձնակազմէն Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործել պահանջող արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքականութեան մասին։ Ֆրիտ հարցումէն փախուստ տուաւ՝ յայտնելով, որ՝ «Միացեալ Նահանգները եւ նախագահը երբեք չեն հերքած դէպքերէն որեւէ մէկը»։
Քոնկրեսական Ուաթսըն ապա հարցուց, որ՝ «Միացեալ Նահանգներ ինչո՞ւ այդ մէկը իբրեւ ցեղասպանութիւն չեն ճանչնար»։ Ֆրիտ չպատասխանեց անոր կրկնուող հարցումներուն, ինչ որ քոնկրեսական Ուաթսընը մղեց յուսահատութեամբ բացագանչելու. «Ցեղասպանութի՞ւն էր։ Այո՞, թէ՞ ո»չ։ Ի վերջոյ ան իր հարցումներու շարքը աւարտեց՝ ըսելով, որ՝ «Յստակ է, թէ իմ հարցումիս պատասխան պիտի չստանամ»։
Ապա քոնկրեսական Էտ Ռոյս (Հ. Քալիֆորնիա) Ֆրիտի Հայոց Ցեղասպանութեան դեսպան Մորկընթաուի վկայութեանց մասին յիշեցուց։ Հազուադէպ անկեղծութեան պահու մը Ֆրիտ պատասխանեց ըսելով, որ դեսպան Մորկընթաուի տեղեկագիրները «շեշտակի, ցնցիչ եւ դժբախտաբար ճշգրիտ էին, եւ թէ՝ նպատակը մարդիկ խաղաղ կերպով տեղափոխելը չէր»։ Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ (Դ. Քալիֆորնիա) յաւելեալ ճնշում բանեցուց Ֆրիտի վրայ՝ անկէ պահանջելով «հայերու զանգուածային սպանդը որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն»։ Ֆրիտ պատասխանեց. «Այս վարչակազմին եւ նախագահին քաղաքականութիւնն է չօգտագործել այդ բառը, թէեւ կ’ուզեմ յստակօրէն ըսել, որ իբրեւ պատմական իրողութիւն՝ այդ տարիներուն պատահած զանգուածային սպանութեանց, բռնի աքսորներուն եւ վայրագութիւններուն պատմական փաստերը անհերքելի են»։ Ունկնդրութեան ամէնէն տրամաթիքական պահը տեղի ունեցաւ, երբ Հայկական հարցերով քոնկրեսական համախմբումի համանախագահ քոնկրեսական Ճոզըֆ Նոլընպըրկ (Հ. Միշիկըն) իր խօսքին բացումը կատարեց՝ յայտնելով, որ՝ «Կ’ուզեմ խօսքս սկսիլ մէկ վայրկեան յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը»։
Յաջորդ օրը, իր անունին առաջադրման ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ունկնդրութեան ընթացքին Մարի Եովանովիչ յայտնեց, որ ինք կարեկցանք ունի «Օսմանեան կայսրութենէն վտարուած» հայերուն հանդէպ, որովհետեւ իր ծնողները Ողջակիզումի ընթացքին փախուստ տուած էին նացիներէն։ Ան ըսաւ, թէ՝ «Անձնական փորձառութենէ մեկնած՝ կը հասկնամ, թէ անցեալի դէպքերը կրնան ցաւ պատճառել ներկային, եւ թէ՝ աղէտալի դէպքերէ սերունդ մը ետք կամ աւելի ուշ ծնած անհատներ անցեալի անարդարութիւններուն ճանաչման կը ձգտին»։ Դժբախտաբար դեսպան Եովանովիչ չի թուիր տեղեակ ըլլալ, թէ հայերը այլեւս «ճանաչումի չեն ձգտիր», այլ՝ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին իրենց կորուստներուն համար «արդարութեան» եւ «արդար փոխհատուցման»։
Բայց եւ այնպէս դեսպան Եովանովիչ շեշտեց, թէ՝ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը ճանչնայ եւ խորապէս կը ցաւի Օսմանեան կայսրութեան աւարտին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր բնաջնջած զանգուածային ջարդին, ցեղային մաքրագործումին եւ բռնի աքսորին համար։ Միացեալ Նահանգները այս դէպքերը կը ճանչնան իբրեւ 20րդ դարու մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը՝ «Մեծ Եղեռնը» կամ Մեծ աղէտը, ինչպէս հայերը անոր կ’ակնարկեն։ Վարչակազմը կը հասկնայ, թէ բազմաթիւ ամերիկացիներ եւ հայեր կը հաւատան, թէ իմ ակնարկած անցեալի դէպքերս պէտք է «ցեղասպանութիւն» կոչուին։ Նախագահ Պուշի, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններէն անցեալի նախագահներու քաղաքականութիւնն է այդ եզրը չօգտագործել»։
Հակառակ իր կարեկցական բառերուն՝ դեսպան Եովանովիչի վերոնշեալ յայտարարութիւնը երեք հարցեր ունի. 1) «Մեծ Եղեռն»ը օգտագործելը ցեղասպանութիւն բառէն փախուստ տալու համար իմաստուն խաղ մըն է։ Եթէ ան կը պնդէ հայկական եզրաբանութիւն օգտագործել, աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը գործածել։
2) Փոխանակ «բազմաթիւ հայեր» ըսելու, ան պէտք էր ըսէր՝ «հայերը» կամ «բոլոր հայերը» կը հաւատան, որ ցեղասպանութիւն էր, եւ 3) ճիշդ չէ, թէ «երկու կուսակցութիւններէն նախորդ նախագահներու» քաղաքականութիւնն էր Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը չօգտագործել։
Դեսպան Եովանովիչ անպայման տեղեակ է, որ նախագահ Ռիկըն 1981ին, իր նախագահական յայտարարագիրին մէջ օգտագործեց զայն։
Հարց-պատասխանի հանգրուանին, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ (Դ. Նիւ Ճըրզի) դժուարութեան մատնեց դեսպան Եովանովիչը, որ ջղագրգռութեամբ շրջանցեց Հայոց Ցեղասպանութիւն իրեն ըսել տալու բոլոր փորձերը։ Ան շարունակ յայտնեց, որ հայկական «դէպքերը» ինչպէ՞ս բնորոշելու քաղաքականութիւնը ճշդողները նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնն են։
Ականատես դառնալով զինք գլխաւորողներուն կողմէ իրեն թելադրուած դեսպան Եովանովիչի անճարակ պատասխաններուն՝ ծերակուտական Մենենտեզ ստիպուեցաւ հետեւեալ նկատողութիւնը ընել. «Ամօթալի է, որ արտաքին ծառայութեան պաշտօնատարներ յանձնախումբին առջեւ կը բերուին եւ պատմական իրողութիւններ ճանչնալու դժուարութիւն կ’ունենան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած ճշմարտութիւնները ճանչնալու դժուարութիւն կ’ունենան…։ Ինծի համար ապշեցուցիչ է, որ կրնանք ջարդուած մէկուկէս միլիոն էակներու մասին խօսիլ, կրնանք բռնաբարուածներուն մասին խօսիլ, կրնանք իրենց երկրէն բռնի հեռացուածներուն մասին եւ անոր նախագահական ճանաչումներուն մասին խօսիլ, սակայն ատկէ ետք զայն չենք կրնար կոչել այն, ինչ որ է։
Ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումէն վարչակազմին փախուստ տալը ծիծաղելի է»։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի շարք մը անդամներ ունկնդրութենէն ետք՝ դեսպան Եովանովիչի գրաւոր հարցումներ յանձնեցին։ Կը նախատեսուի, որ յանձնախումբը շուտով անոր բերանացի եւ գրաւոր պատասխաններուն վրայ հիմնուելով՝ անոր թեկնածութեան վերաբերեալ որոշում մը տայ։
Անկախաբար, թէ ծերակոյտը կ’որդեգրէ, թէ կը մերժէ, դեսպան Եովանովիչի թեկնածութիւնը, այս հարցով իրական մեղաւորները արտաքին գործոց նախարարութեան ու Սպիտակ տան տէրերն են, որոնք ամօթի ամէն զգացում մէկդի ձգած են հաճոյք պատճառելու համար անարժէք օտար ուժի մը, որուն արտօնութիւն տրուած է մեր մեծ երկրին ղեկավարներուն բերանը գոցել։ Մեր միակ յոյսն այն է, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, նախագահ Պուշի կողքին ականատես պիտի դառնանք հեռացմանը բոլոր անոնց, որոնք ժամանակաւոր քաղաքական շահի սիրոյն հասարակութեան սուտ խօսեցան, եւ այդպիսով ականահարեցին ամերիկեան խորքային արժէքներն ու սկզբունքները: