Ամերիկահայութեան քաղաքական ուժը համակարգող գլխաւոր կեդրոնի շէնքը չէի տեսած: Ընկերս, որ շօշափելիօրէն մասնակցած էր շէնքի գնման ի նպաստ հանգանակային արշաւին, Մանաս Պուճիքեանը, ինքն ալ չէր տեսած շէնքը:
Միասին ուխտի գացինք՝ Ուաշինկթըն:
Չորս հարիւր քսանվեց հազար տոլար էր Մանասի նուիրատուութիւնը: Ինք՝ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն թռիչքի ամբողջ ընթացքին կը փորձէր համոզել զիս, որ իր ըրածը նուիրատուութիւն չէ, այլ ներդրում:
Հասկնալի է, այս մարդը Հայ Դատի Ուաշինկթընեան գործունէութեան ակունքներուն կանգնած գործիչ եղած է եւ իր մօտեցումը կրնայ իւրայատուկ ըլլալ: Իրապէս համեստ եղած է Հայ Դատի գրասենեակին սկիզբը: Մանասի խօսքերով՝ առաջին քայլը եղած է Մոնթեպէլլոյէն քոնկրէսականի մը գրասենեակին մէջ Պերճ Կարապետեանի տեղաւորումը: Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի առաջին տնօրէն Պերճը, այսպիսով ստիպուած էր աշխատելու իբրեւ քոնկրէսականի մը պաշտօնեան: Յաջորդ քայլը առնուած է՝ վարձելով փոքրիկ գրասենեակ մը, ուր պիտի աշխատէին Պերճն ու իրեն միացած Մայք Մահտէսեանը:
Համայնքի ներդրումի միջոցաւ, մանաւանդ Հայ Դատի գաղափարին հաւատացողներու մասնակցութեամբ, վարձու գրասենեակը դարձաւ աւելի մեծ տարածքով կեդրոն մը, մինչեւ, որ այլեւս անհնար էր այդպէս շարունակել, ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէներու որոշումով՝ կազմակերպուեցաւ հանգանակային համամաերիկեան արշաւը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ այս արդէն սեփական շէնքը, մեր կեդրոնը:
Երկօրեայ մեր Ուաշինկթըն կեցութիւնը իրապէս ոգեպնդող էր: Մանասը այս ընթացքին, հանդիպեցաւ իր հին մտերիմ՝ Դաշնակցական ղեկավար ու Հայ Դատի յայտնի գործիչ Կարօ Արմէնեանին, գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանին, Եղիսաբէթ Չուլճեանին, առիթ ունեցաւ զրուցելու վարժողական ծրագրին մասնակցող երիտասարդներուն հետ, պատմեց անոնց իր փորձառութիւնները:
«Յարատեւութեան մէջ է յաջողութեան գաղտինքը», ըսաւ անոնց, որովհետեւ, ինք, անձնապէս, վկայ եղած է այնպիսի ծանր պայմաններու, երբ գրասենեակի տնօրէնները փոխանակ աշխատավարձ ստանալու, իրենց «քրէտիդ քարտ»երով վճարած են գրասենեակի վարձքն ու անմիջական ծախսերը. «Յարատեւեցինք ու այստեղ հասանք»: Մանասի հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը կը ճառագայթէր դէմքէն: Առաւել երջանիկ էր, երբ երիտասարդներուն ու Արմէնեանին հետ գնաց Հայկական Դեսպանատուն:
Շէնքէն ներս կեանքն ալ կ’եռար: Վարժողական ծրագրի նախկին մասնակիցներ, օրինակի համար Լոս Անճելըսըէն Անի Պետրոսեան, եւ ապագայ մասնակիցներ, օրինակ՝ Օրէնճ Քաունթիէն Տիգրան Սասունեանի աղջնակը, որ ընտանիքով եկած էր Ուաշինկթըն, Կեդրոնը իրենց տան պէս զգացողներ. հարազատութեան ոգին կը թեւածէր շէնքին վերի յարկերուն վրայ: Ներքեւի յարկերը վարձու տրուած են:
Կը մաղթենք, շուտով շէնքը ամբողջութեամբ օգտագործուի Հայ Դատին համար: Յաւելեալ ներդրումի կարիք կայ ուրեմն: Մանաս կը ժպտի: Յաղթեց…: Ես ալ այլեւս նուէր բառը փոխած էի: