«Տը Արմինիըն Ռիփորթըր» անգլիատառ շաբաթաթերթը, որ միաժամանակ կը հրատարակուի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ եւ վերջին շրջանին թէ՛ իր ընդգրկումով, թէ՛ իր երիտասարդ աշխատակիցներու խումբով եւ թէ՛ հետաքրքրական մօտեցումներով նոր մակարդակ նուաճեց հայկական մամուլի ասպարէզին մէջ, առանձին յօդուածներով անդրադարձած է «Ասպարէզ»ի հարիւրերորդ տարեդարձին: Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն յօդուածներու նախաբանը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք թերթի խմբագրութեան եւ տնօրէնութեան «Ասպարէզ»ի վաստակը գնահատող իրենց խօսքերուն համար:
Մինչ «Ասպարէզ» կը պատրաստուի շարք մը ոգեկոչական ձեռնարկներով նշել իր դարադարձը, կրնայ շատ դժուար ըլլալ երեւակայել այն հսկայական զոհաբերութիւնները, որոնք այս թերթը բերած՝ հասցուցած են իր այս վիճակին: Համայնքային կազմակերպութիւններու կամ հրատարակութիւններու մէջ կամաւոր աշխատողներ կրնան պատմել ձեզի, թէ որքան ճիգ ու եռանդ կը թափուին ժողովրդական հիմքերու վրայ դրուած գործ մը կենդանի՝ ալ ուր մնաց կենսունակ ու ծաղկուն պահելու համար:
Օգոստոս 1908ի իր ծնունդէն տասնամեակներ անց, «Ասպարէզ» տակաւին ոչ առեւտրային իմաստով ծրագիր, ոչ ալ նախատիպ մը ունէր իր պատկերացումներուն մէջ, ոչ հնգամեակային նախատեսումներ, ոչ ալ կարկանդակաձեւ քարտէսներ, որոնց անունը տալով կրնար երդնուլ:
Ինչ որ ունէր, անպաշտօն գծագիր մըն էր, որ հիմնականին մէջ կը բաղկանար խմբագիրներու, աշխատկիցներու, կամաւորներու եւ համայնքի անդամներու անդադրում կիրքէ՝ ի հեճուկս հսկայական եւ նիւթական մարտահրաւէրներու լոյս աշխարհ բերելու կենսունակ եւ բովանդակալից լրատու հրատարակութիւն մը, եւ նոյնքան անդադրում «հաւատքէ մը՝ որ Քալիֆորնիոյ նորոգուող հայ համայնքի կողմէ ընդունելութեան պիտի արժանանայ»:
Մենք, համեմատաբար երիտասարդ «Արմինիըն Ռիփորթըր»էն, կ’ողջունենք «Ասպարէզ»ը, ոչ միայն աներեւակայելին յաղթահարած ըլլալուն, այլ իր ներդրումին համար՝ Ֆրեզնոյի, Լոս Անճելըսի եւ այլ համայնքներու ձեւաւորման գործին, եւ այս ընթացքին դառնալով հայկական լուրերու ժողովրդական եւ լուրջ աղբիւր, ինչպէս նաեւ քաղաքական մեկնաբանութեանց, գրականութեան եւ մշկութային մտածողութեան բեմ»: