Անգարայի մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին գլուխ գլխի եկած թուրք դիւանագիտութեան սերուցքը Հայկական Հարցի վերաբերեալ որոշեց նոյն կարծր, մերժողական դիրքերը պահպանել:
Փաստը՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի նիւ եորքեան ասուլիսի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնն է, ուր ան կը պնդէ պատմաբաններու երկկողմանի յանձնաժողովի մը նախապայմանը՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու երկխօսութեան շրջանակէն ներս:
Թուրք դիւանագէտներու Հայկական Հարցի վերաբերեալ թէժ քննարկումներու մասին անդրադարձ եղած է «Թրքիշ Տէյլի Նիուզ»ի Յուլիս 25ին հրապարակած մեկնաբանական շեշտով տեղեկագրութեան մը մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ ծառայող թուրք դիւանագէտներէն խումբ մը, այս տեղեկագրութեան համաձայն, ահազանգ հնչեցուցած է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացները հարիւրամեակի սեմին կրնան ձիւնագնդակի նման թաւալիլ ու առաւել թափ ստանալ:
Աղաւնիներ նկատուող այս խումբի դիւանագէտները կը յորդորեն թրքական կառավարութիւնը ամէն ճիգ թափէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն սկսելու, որպէսզի սէպ խրեն Հայաստանի եւ սփիւռքեան հզօր «լոպիի» միջեւ:
Նոյն խումբը կը մատնանշէ սահմաններու փակման անհեթեթութիւնը, երբ թրքական ապրանքները Հայաստան մտնելու ճամբայ կը գտնեն Իրանէն ու Վրաստանէն, եւ երբ ամսական քանի մը յատուկ թռիչքներ կը կազմակերպուին Պոլիսէն Երեւան:
Բազէական հակումներով խումբին համաձայն, Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սփիւռքին վրայ, որ պիտի շարունակէ ամէն գնով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքները:
Թուրքիան, ըստ այս խումբին, պէտք է օգտագործէ իր հզօր լծակները եւ առանձին-առանձին չէզոքացնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնները այն երկիրներուն մէջ, ուր հրապարակ կը նետուին զանոնք:
Այս քննարկումներուն յաջորդող Պապաճանի նիւ եորքեան յայտարարութիւնը, ուր կը վերահաստատուի պատմաբաններու յանձնաժողովի հայկական կողմին համար անընդունելի համարուող պայմանը, կը թելադրէ, որ թրքական դիւանագիտական շրջանակներու մէջ յաղթական դուրս եկաւ բազէներու խումբը:
Հայկական կողմը պարտաւոր է վերջնականապէս յստակացնել իր դիրքորոշումը թրքական այս պատասխանին հանդէպ, որ երկխօսութեան ճանապարհները, ըստ էութեան, փակելու կը միտի: