Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրող Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողովի անդամներ Սամուէլ Նիկոյեան, Արտաշէս Շահբազեան, Արամ Յարութիւնեան, Արծուիկ Մինասեան ու յանձնաժողովի փորձագէտ Սարգիս Յակոբեան անցեալ Ուրբաթ այցելած են Վարդաշէն քրէակատարողական հիմնարկ եւ հանդիպած այնտեղ գտնուող Մուշեղ Սաղաթելեանի, Սուրէն Սիրունեանի եւ Շանթ Յարութիւնեանի: Գագիկ Չհանգիրեանի հետ չեն կրցած հանդիպիլ, որովհետեւ ան այդ պահուն կը գտնուէր դատարանի դահլիճ: Այս մասին լրագրողներուն հետ խօսած է յանձնաժողովի դաշնակցական անդամ Արծուիկ Մինասեան: Անոր խօսքով՝ իրենք շատ ջերմ զրոյցներ ունեցած են կալանաւորներուն հետ:
Անդրադառնալով քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուած անձերու ճակատագրին, դաշնակցական պատգամաւորը նշած է, որ իր անձնական կարծիքով, անոնց բոլորին նկատմամբ պէտք է կիրառել համաներում, իսկ մինչ այդ՝ փոխել անոնց խափանման միջոցն ու ազատ արձակել:
«Ես կարծում եմ, որ գերնպատակը զոհերու հանգամանքների պարզումն է եւ յատկապէս զոհերու յանգեցնող գործողութիւններ կատարած անձեր պէտք է պատժուին: Մնացած մասով պէտք է կիրառուի համաներման տարբերակը, իսկ այս փուլում պէտք է փոխել կալանաւորուած անձանց խափանման միջոցը եւ այդպէս շարունակել քննութիւնը: Երբեմն շատ դժուար է որոշել, որտեղ է աւարտւում խնդրի քաղաքական ներկայացումը եւ սկսւում քրէականը: Քրէական օրէնսգրքի որոշ յօդուածներ իսկապէս կարող են պարունակել քաղաքական ենթաթեքստ», յայտնած է Ա. Մինասեան ու ընդգծած, որ պէտք է ապաքաղաքականացնել քրէական օրէնսգիրքը:
Իր խօսքի աւարտին, դաշնակցական պատգամաւորը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ վատացած է կալանաւորուած պատգամաւոր, ԵԿՄ վարչութեան փոխնախագահ Միասնիկ Մալխասեանի առողջական վիճակը, որ շատ մտահոգիչ է: Ա. Մինասեանը նշած է նաեւ, որ իրեն համար բոլորովին համոզիչ չէ հնչած յատուկ քննչական խումբի ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանի ներկայացուցածը, որ կը վերաբերէր կալանաւորուած պատգամաւորներուն, եւ ինք անձամբ կը կարծէ, թէ անոնց խափանման միջոցը պէտք է փոխուի: