Կիրակի, Սեպտեմբեր 14, 2008 Մոնթեպէլլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի (8420 Beverly Rd. Pico Rivera, CA 90660) մէջ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ երկոյեան ժամը 8:
Ը Ն Դ Հ Ա Ն Ո Ւ Ր Յ Ա Յ Տ Ա Գ Ի Ր
* ժամը 11 – DJ – Մհեր Պէքէրեան
* ժամը 12:45 – Բացում՝ Սիւզի Օհանեան
* ժամը 1 – Հովիտի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբ
* ժամը 1:30 – Արմէն Քվըրեան տուտուկ
* ժամը 2:30 – Մարալ Վարժապետեան – ասմունք
* ժամը 2:45 – DJ -թեթեւ երաժշտութիւն
* ժամը 3:00 – Օրէնճ Քաունթիի Համազգայինի «Երազ» պարախումբ
* ժամը 3:30 – Արամ Մանուկեան շուի
* ժամը 3:45 – Աստղիկ Հապոյեան ձեռագործ
* ժամը 4:15 – «Սարօ» պարային խումբ
* ժամը 4:45 – երգենք մակիին հետ
* ժամը 4:50 – Մասիս Արարատեան – դիմանկարներ
* ժամը 5:15 – Յարութ Յակոբեան – երգ
* ժամը 5:45 – Փասատինայի Համազգայինի «Լոռի» պարախումբ
* ժամը 6:15 – Ներսիկ Իսպիրեան – երգ
* ժամը 6:45 – Արաքս Կարապետեան – երգ
* ժամը 8:00 – փակում
Փ Ո Ք Ր Ե Ր Ո Ւ Յ Ա Յ Տ Ա Գ Ի Ր
* Ժամը 11:00-6:00 – Լոռի Շիրիճեան ձեռագործ
– Դալար Խրաճեան ձեռային աշխատանք
– Անահիտ Ֆրունճեան ձեռային աշխատանք
* ժամը 12:00 – Լիզա Մանոյեան պատմասացութիւն
* ժամը 1:45 – Շողեր Պաղտուտ Ձեռային աշխատանք
* ժամը 2:45 – Լոռի Շիրիճեան – շուրջպար
* ժամը 3:45 – Արուս հտպիտ
* ժամը 4:15 – Ալին Պզտիկեան – պատմասացութիւն
* ժամը 5:15 – Թագուհի Սաաթճեան – պատմասացութիւն
* ժամը 5:45 – Ալին Պզտիկեան հարց-պատասխան մրցոյթ
( Հայոց Պատմութիւն – մշակոյթ )
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 80ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
* Կիրակի, Սեպտեմբեր 14, 2008, կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, Մոնթեպէլլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակէն ներս. – հասցէ՝ 8420 Beverly Rd. Pico Rivera, CA 90660.
Միօրեայ մշակութային փառատօն
Բազմերանգ եւ ճոխ գեղարուսետական յայտագիր:
* Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր, 2008 երեկոյեան ժամը 7ին, ճեմարանականի մը բնակարանէն ներս (Նորթրիճ).-
Պէյրութի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Ն.Փ. Ճեմարանի Լոս Անճելըսի ընկերակցութիւնը կազմակերպած է հաւաք-ընթրիք մը:
Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել Cell: 714-403-0875
* Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր, 2008, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ.- 222 East Harvard St.Glendale.
Գինեձօն՝ Կարօ Սասունիի նուիրուած հատորին, հեղինակ Աշոտ Ներսիսեան:
Խօսք կ’առնեն Սարգիս Մահսէրէճեան, Կարօ Պետրոսեան, Քրիստափոր Բագրատունի:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը՝ ազատ:
* Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր, 2008, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ.- 222 East Harvard St.Glendale.
Գինեձօն՝ Մովսէս Պչաքճեանի (Փարիզէն) «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» վէպին: Հատորը կը ներկայացնէ Դանիէլ Թիւֆէնքճեանը:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը՝ ազատ:
* Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ.- 900 W. Lincoln Ave. Montebello, CA 90640.
Ճաշկերոյթտօնակատարութիւն եւ պարգեւատրում: Մուտք՝ $80.
******************************************************************************************************************************************************************
Հայկական Գիշեր «Հօմ Տիփօ» Մարզադաշտին Մէջ Մասնակցութեամբ՝ Համազգայինի «Նայիրի» Պարախումբին
Նախաձեռնութեամբ ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսութեան, Քալիֆորնիոյ ֆութպոլի «Չիվազ» եւ «Կալաքսի» խումբերու մրցումէն առաջ Հինգշաբթի, 14 Օգոստոսի, 2008ի երեկոյեան ժամը 7ին կազմակերպուեցաւ մշակութային ելոյթ՝ «Հայկական գիշեր» անունով, որուն, հայկական հիւպատոսարանի կողքին, մասնակցեցան Համազգայինը, ՀՄԸՄ, «Ասպարէզը», «Հորիզոն»ն ու ՀԲԸՄը:
Այս առթիւ, Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը հայկական չորս պարերով ելոյթ ունեցաւ, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատականներուն եւ ծափողջիւններուն:
Ձեռնարկի մասնակցութեան աշխատանքներուն եւ ձեռք ձգուած յաջողութեան մէջ իրենց արդար բաժինը բերին Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն Թամար Աբգարեան, Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան եւ մասնաճիւղի պարախումբի երկու ղեկավարները՝ Քաթրին Հայրապետեանն ու Արի Լիպարիտեանը եւ պարխումբի երիտասարդ անդամ-անդամուհիները, որոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ, հակառակ իրենց բազմազբաղ վիճակին, արդարացուցին իրենց ուսերուն դրուած այս հպարտանք ներշնչող պարտականութիւնը: