Յայտնի գործարար Էտուարտօ Էռնեքեանի հրաւէրով անցեալ շաբթուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով Երեւան գտնուեցաւ թենիսի աշխարհի 7րդ իսկ Արժանթինի 1ին մարզիկ Դաւիթ Նալպանտեանը:
Հանրահռչակ մարզիկը Հայաստանի «Masters Class» ակումբին մէջ իր վարպետութեան գաղտնիքները ուսուցանեց Հայաստանի պատանի մարզիկներու, ինչպէս նաեւ՝ մարզաձեւի սիրահար մանուկներուն: Այցելութեան ծիրէն ներս Դաւիթ Նալպանտեան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ եւ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս:
Ասուլիսի սկիզբը Հայաստանի թենիսի դաշնակցութեան նախագահ Յարութիւն Փամբուկեան ներկայացուց Նալպանտեանը՝ ընդգծելով անոր հայկական արմատները: Ան յիշեցուց նաեւ, որ Նալպանտեան ամէն առիթով յայտարարած է իր հայ ծագումին մասին:
Ասուլիսի ընթացքին աշխարհահռչակ «թենիսմէն»ին ուղղուեցան բազմաբնոյթ հարցումներ, որոնց պատասխանները կու տանք ստորեւ՝ համառօտ:
Հ.- Դաւիթ Նալպանտեանը նոյնիսկ երկու տարեկան երեխաները լաւ կը ճանչնան Հայաստանի մէջ: Պատմեցէք ձեր ընտանիքին մասին: Ինչպէ՞ս ձեր նախնիները յայտնուեցան Արժանթին:
Պ.- Հպարտ եմ իմ առաջին հայրենիքս գտնուելու համար եւ այս հրաւէրին համար նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պարոն Էռնեկեանին, Fruitfull Armenia կազմակերպութեան եւ Converse Bank-ին, որոնք հնարաւորութիւն ընծայեցին ինծի այցելելու Հայաստան: Կը փափաքիմ շատ տեղեր տեսնել եւ կը հաւատամ, որ այս այցելութիւնս հաճելի պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ինծի համար, այլեւ՝ ուրիշներուն: Շնորհակալ եմ նաեւ Հայաստանի թենիսի դաշնակցութեան, որ համաձայն գտնուեցաւ այս այցելութեանս գաղափարին եւ արտօնեց Երեւանի մէջ խաղս: Յոյսով եմ, որ յետայսու յաճախակի կերպով կ’այցելեմ Հայաստան:
1900ականներու սկիզբը շատ հայեր կը լքէին իրենց հայրենիքը: Մեծ Եղեռնի տարիներն էին: Իմ պապս եկած է Պուէնոս Այրէս, բայց, իր շնչառութեան հետ կապուած խնդիրներուն պատճառաւ տեղափոխուած է Քորտոպա, ուր օդը աւելի նպաստաւոր է: Այդպիսով իմ ընտանիքիս բոլոր անդամ-ները ծնած են Քորտոպա:
Հ.- Այսինքն՝ Դուք ցեղասպանութենէն տուժա՞ծ էք:
Պ.- Անշուշտ: Այո՛:
Հ.- Ինչո՞ւ միայն հիմա այցելեցիք Հայաստան:
Պ.- Ես աւելի կանուխ նման ցանկութիւն ունեցած եմ: Սակայն պէտք է իմանաք, որ արհեստավարժ թենիս խաղացողին ժամանակը շատ սուղ է եւ լեցուն: Այս պահուն, նախքան յաջորդ մրցաշարս, առիթ ստեղծուեցաւ Հայաստան այցելելու, եւ լաւագոյն պարագային հոս կրնամ անցնել երկու-երեք օր: Սակայն թենիսը ձգելէ ետք աւելի յաճախ կրնամ գալ:
Հ.- Թենիսի աշխարհէն ներս հայեր կը ճանչնա՞ք:
Պ.- Սարգիս Սարգիսեանը: Անտրէ Աղասիին հետ ալ յաճախ հանդիպած եմ:
Հ.- Քաղաքական դաշտի վրայ կ’ըսեն, թէ Արժանթին եւ Հայաստան իրարու կապող կամուրջը Դաւիթ Նալպանտեանն է: Այս գնահատականին մասին ի՞նչ կ’ըսէք:
Պ.- Շատ հպարտ եմ ատիկա լսելով: Այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ մէկ ոտքովս Արժանթինի մէջ եմ, միւսով՝ Հայաստանի մէջ:
Հ.- Դաւիթ Նալպանտեանը կը պարտուի առաջին յիսունին մէջ մտնող մարզիկներէն, բայց նաեւ կը յաղթէ առաջին տասնեակը գլխաւորող թենիսմէններուն…
Պ.- Թենիսը դժուար մարզաձեւ է այն առումով, որ միշտ կը փոխուին երկիրները, խաղադաշտերը, գնդակները: Մրցաշարերը կը կատարուին գրեթէ ամէն շաբաթ. միշտ գերազանց ըլլալը շատ դժուար է: Ասիկա միայն ինծի չի վերաբերիր: Նոյն խնդիրը կ’ունենան բոլոր թենիսմէնները: Ամէն տարի ասպարէզ կու գան նոր, տաղանդաւոր երիտասարդներ: Ամէն շաբաթ առաջատարի դիրք պահպանելը շատ դժուար է:
Հ.- Թենիսէն բացի, ի՞նչ մարզաձեւ կը սիրէք:
Պ.- Ֆութպոլ: Ընկերներուս հետ յաճախ ֆութպոլ կը խաղամ:
Հ.- Անցեալ տարի գերազանց ցուցանիշով եզրափակեցիք: Հիմա պէտք է պահպանէք ձեր միաւորները: Ատիկա դժուար պիտի ըլլայ, եթէ նկատի առնենք, որ ներկայիս լաւագոյն մարզավիճակին մէջ չէք գտնուիր:
Պ.- Անցած մրցաշրջանը լաւ աւարտեցի: Սակայն ունեցայ ազդրի վնասուածք: Շատ դժուար է պահպանել առողջութիւնը, միաժամանակ՝ լաւապէս թենիս խաղալ: Հիմա կը յառաջանան երիտասարդ մարզիկներ:
Հ.- Ի՞նչ նախասիրութիւններ ունիք:
Պ.- Ֆութպոլ: Ընկերներս ֆութպոլի սիրահարներ են: Ինծի համար այսօրուան լաւագուն ֆութպոլիսթը Լէոնէլ Մասսին է: Նաեւ կը խաղամ կոլֆ եւ կը սիրեմ ձկնորսութիւն…
Հ.- Դաւիթ Նալպանտեանը Հայաստանի մէջ սիրուած է բոլորին կողմէ: Եթէ հայերէն քանի մը բառ գիտէք, կ’արտասանէ՞ք:
Պ.- Հիմա՝ ոչ: Բայց յառաջիկային կը լսէք:
Հ.- Մեզ կ’ոգեւորէ այն բանը, որ Դուք ընդունած էք ձեր հայ ըլլալը եւ հպարտ էք անով: Ձեզի պէս մտածող եղբայրներ կամ քոյրեր ունի՞ք:
Պ.- Երկու աւագ եղբայրներ ունիմ՝ Տարիոն եւ Խաւիէր: Երկուքն ալ թենիսի մարզիկներ են, բայց ափսոս, որ ինծի պէս յաջողութիւններու չեն հասած: Ձեր այս հարցը անպայման իրենց կը փոխանցեմ:
Հ.- Եթէ ձեզի առաջարկեն այստեղ ապրելու անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, կը տեղափոխուի՞ք Հայաստան:
Պ.- Միայն քանի մը ժամ է, որ Հայաստան կը գտնուիմ: Տակաւին ոչինչ տեսայ: Այնպէս որ այս հարցումին պատասխանել չեմ կրնար:
Հ.- Օր մը, երբ թենիսէն հրաժարիք, ի՞նչ պիտի ընէք:
Պ.- Շատերը մարզիչ կը դառնան: Առայժմ չեմ որոշած, չեմ կրնար բան մը ըսել, սակայն մէկ բան հաստատ է՝ երկար ժամանակ պիտի հանգստանամ: Ճամբորդութիւններ պիտի չկատարեմ: Ապա, ընելիքներուս մասին կը մտածեմ հեռու ապագային:
Հ.- Ե՞րբ սպասենք ձեր յաջորդ նշանակալի յաղթանակին:
Պ.- Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ… Թերեւս՝ յաջորդ տարի:
Հ.- Կարելի է՞ արդեօք կայանայ Դաւիթ Նալպանտեանի եւ Անտրէ Աղասիի միաժամանակ այցելութիւն՝ Հայաստան:
Պ.- Իսկ ինչո՞ւ չէ: Այդ իրաւասութիւնը թենիսի դաշնակցութեան նախագահին կը վերագրուի:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Դաւիթ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան յատուկ կացութեան կարգավիճակի անձնագիր: