ՊՈԼԻՍ.- Վերջերս, թրքական «Սթար» պատկերասփիւռի կայանէն լուրեր սփռուած էին այն մասին, թէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պատկանող գերեզմանատուներէ ներս բարբարոսներ գերեզմանաքարերը կը խորտակեն։
«Մարմարա» թերթը ստուգած է, որ հայկական գերեզմանատուներու մէջ նմանօրինակ վայրագ դէպքեր կը կատարուին եւ հետազօտութիւններ կատարելով՝ հաստատած է, որ Էտիրնէգաբուի հայոց գերեզմանատան մէջ նման յարձակում մը կատարուած է։
Թերթը կը գրէ. «Հեռաձայնով կապ հաստատեցինք գերեզմանատան տնօրէն Ռոմանոս Ճէզվէճեանի հետ, որ հաստատեց մեր տեղեկութիւնները եւ յայտնեց, թէ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն, աւազակներու բազմամարդ խումբ մը մտած է գերեզմանատուն եւ խորտակած ու քարուքանդ ըրած է 12 շիրիմներու դամբանաքարերը։ Ճէզվէճեան ըսաւ, որ իրենք դէպքէն վերջ անմիջապէս Էյուպի ոստիկանութիւն դիմած էին, սակայն ապահովութեան աշխատակիցները պահանջած էին, որ դիմեն գերեզմանատուներու տնօրէնութեան։ Աւելի ուշ, հայկական պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցած է գերեզմանատուներու տնօրէն Ատէմ Ավճըի հետ եւ կատարուած վայրագութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է անոր։ Ատէմ Ավճը խոստացած է անյապաղ նորոգել տալ խորտակուած գերեզմանաքարերը։ Ճէզվէճեան դիտել տուաւ նաեւ, որ գերեզմանատուներու տնօրէնութիւնը միշտ անհրաժեշտ օգնութիւն ցոյց տուած է իրենց, գերեզմանատան բոլոր ճամբաները նորոգուած են ու խոտերն ալ հնձուած են տնօրէնութեան կարգադրութեամբ ուղարկուած աշխատակիցներու կողմէ»։