ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6ին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի: Ուղերձին մէջ ան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն անունով յայտնած է.
«Ի սրտէ շնորհաւորում եմ Ձեզ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների 44րդ նախագահ ընտրուելու առթիւ:
Ընտրութիւններում Ձեր յաղթանակը դարձել է յիրաւի դարակազմիկ իրադարձութիւն Ամերիկայի եւ համաշխարհային ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ»:
Սահակեան նաեւ բարձր գնահատած է ատրպեճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Ամերիկայի կատարած դերը, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի տրամադրուող ամենամեայ դրամական օժանդակութիւնը: