ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Դաշնակցային պահեստի պետ Պէն Պըրնէնքի Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին կոչ ըրաւ իշխանութեանց, որ շեշտը դնեն բնակարաններու սեփականատէրերուն օժանդակութիւն տրամադրելու կէտին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազեցնել թիւը այն սեփականատէրերուն, որոնք իրենց բնակարանները կը կորսնցնեն ժամանակին վճառումները չկատարելու պատճառով:
Առաջարկներէն մէկն է 30 տարուան ընթացքին վճարուող մնայուն տոկոսով պարտքերու տոկոսը 4.5 առ հարիւրի իջեցնել՝ պետութեան միջնորդութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ շուկայի վրայ գտնուող չծախուած բնակարաններուն թիւը նուազեցնել, միաժամանակ իրենց բնակարաններուն մէջ պահելով քաղաքացիները:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր «AT&T», «ՏիւՓոնթ», «Քրէտի Սուիս» եւ «Վայաքամ» ընկերութիւնները հաղորդեցին, թէ պիտի պաշտօնազրկեն յաջորդաբար 12,000, 2500, 5300 եւ 850 հոգի, մինչ մէկ տակառ քարիւղին գինը շուրջ 44 տոլարի իջաւ, ինչ որ մօտաւորապէս 4 տարուան ընթացքին նուազագոյն գինն է:
Իրենց կարգին, տնտեսութեան զարկ տալու համար, Եւրոպական, Բրիտանիոյ եւ Շուէտի կեդրոնական դրամատուները տոկոսները նուազեցուցին, մինչ Ֆրանսայի կառավարութիւնը 33 միլիառ տոլարի տնտեսական օժանդակութեան նոր ծրագիր մը վաւերացուց: