1991ի Նոյեմբեր 25ին Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղլար գիւղին մօտ, վայրէջք կատարեցին Արցախի տարբեր դիրքերու վրայ մարտնչող դաշնակցական ջոկատներ, ու հետագային հիմնեցին մարտական ընդհանուր մէկ միաւոր՝ «Շուշիի առանձնակի գումարտակ» անունով, որ այսօր 17 տարեկան է:
Դեկտեմբեր 3ին, Շուշիի մէջ այս առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Շուշիի նախկին գումարտակի վեթերաններ եւ ներկայի «N» գունդի զինուորներ:
Ըստ աւանդութեան, անոնք եկած էին ոգեւորելու Հայրենիքին նկատմամբ պարտքը կատարող նոր զինուորը: 56 նախկին մարտիկներ, որոնք կեանքի գնով յաջողեցան պահել Սրխաւենդի բարձունքը, այսօր հայրենասիրութեան կենդանի առասպելներ դարձած են: Առանձնակի գումարտակի տարածքին, խաչքարի մը տակ, ամփոփուած են տղոց ոգին ամուր պահած նահատակ հրամանատարի՝ Պետրոս Ղեւոնդեանի՝ Պետոյի մասունքները: Գումարտակի հիմնադրման 17րդ տարեդարձին առթիւ, խաչքարին կողքին կանգնեցաւ նաեւ Պետոյի կիսանդրին:
Գումարտակի մարտական ճանապարհը սկսած էր ազատամարտի առաջին օրերէն: Հայաստանի տարբեր շրջաններէ հաւաքուած կամաւորական խումբեր էին, որոնք կը կոչուէին «Դաշնակցութեան ջոկատներ»։ Ապա տղաք, շուրջ 400 ազատամարտիկ, Շուշիի ազատագրման ժամանակ մէկտեղուեցան: Մարտական ընկերները կը յիշեն, թէ Պետոն բարձր կը պահէր իրենց հոգին, ու այսօր իրե՛նց կարգն է կանգնելու այսօրուան զինուորին կողքին:
Իր խօսքին մէջ նախկին վեթերան Իգոր Սարգսեան յայտնեց. «Ղարաբաղը ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղն է, այլեւ՝ դաշտային Արցախն է: Մենք յետ տալու ոչինչ չունենք: Սա էր Պետոյի մտածումը, որ մտցրել է մեր հոգիները: Եւ մենք դաւաճանել չենք կարող»:
Պետրոս Ղեւոնդեանի մարտական ընկերը Ռաֆիկ Համբարձումեան յիշեցուց բոլորին, թէ՝ «Երբ կար՝ ոնց որ մի Աստուած ինձ համար, ինձ ապահով էի զգում»: Իսկ ելոյթ ունեցած այլ վեթերան մը յայտարարեց. «Ոչ ոք հէնց այնպէս հող չի տալիս ու ոչ ոք հէնց այնպէս Հայրենիք չի զիջում»:
Շուշիի առանձնակի գումարտակի վեթերանները տարուան ընթացքին ունին քանի մը նշանակալից օրեր՝ իրենց յաղթանակները խորհրդանշող, եւ ամէն անգամ մեկնելով Արցախ՝ անոնք կը տօնեն այն խաղաղութիւնն ու բնականոն կեանքը, որուն համար շատեր զոհուեցան: