ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է ղարաբաղեան բանակցութիւններու վերաբերեալ իր տեսակէտը եւ վերապահումները, ու ներկայիս կը սպասէ նախագահի հետագայ քայլերուն:
Մարգարեան յայտնած է, որ մէկ տարի առաջ Դաշնակցութիւնը մտահոգած է մատրիտեան սկզբունքներու մէջ ամրագրուած այն կէտը, որուն համաձայն, հայկական ուժերու կողմէ վերահսկուող 5 տարածքները պէտք է վերադարձուին նախքան Ղարաբաղի կարգավիճակին յստակացումը, իսկ Քելբաջարի եւ Լաչինի մէջ պէտք է խաղաղապահ ուժեր տեղակայուին:
«Ես յոյս ունեմ, որ այդ Մատրիտեան սկզբունքները Ռուսաստանում կայացած նախագահների հռչակագրի մէջ մատնանշուել է, իբրեւ բանակցութիւնների հիմք, բայց ոչ այդ սկզբունքների ամբողջութեամբ որդեգրում», ընդգծած է Հրանդ Մարգարեան՝ աւելցնելով. «Սա ինձ նաեւ յոյս է ներշնչում, որ հայկական կողմը առաւելագոյնը անելու է՝ վերացնելու այդ հիմնական թերութիւնները, որը կայ այդ սկզբունքների մէջ»:
«Ազատութեան» թղթակիցին այն հարցումին, որ՝ «Եթէ թերութիւնները չվերացուեն, Դաշնակցութիւնը դուրս կը գա՞յ կոալիցիայից», Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Ինքնանպատակ չէ մեր՝ կոալիցիայի մէջ մնալը: Այսօր մեր՝ կոալիցիայի մէջ մնալը հիմնականում բացատրւում է այն առումով, որ մենք կարողանում ենք մեր տեսակէտը ասել, եւ յոյս ունեմ, որ կը կարողանանք նաեւ ազդել»:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը անհիմն նկատած է ընդդիմութեան պնդումները, թէ մինչեւ տարուան վերջ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծում պիտի ստանայ, եւ թէ Սերժ Սարգսեանի վրայ գոյութիւն ունին մեծ ճնշումներ, որոնց այլընտրանք չունենալով՝ նախագահը ստիպուած պիտի ըլլայ զիջումներ կատարելու:
«Ճնշումները ընդհանրապէս կան, բայց այդպէս մասնակի, յատուկ, ինչ որ մի ժամկէտով կատարուած ճնշում՝ ես նման ճնշումից տեղեակ չեմ, եւ չեմ նկատել նախագահի մօտ, որ ինքը այդ տեսակ ճնշումի ենթակայ է», ընդգծած է Հրանդ Մարգարեան:
«Ընդդիմութիւնը ինչո՛ւ է այդպիսի բան ասում՝ չգիտեմ», յայտնած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով. «Կար մի պահ, որ բոլորս անհանգստացանք, երբ Ռուսաստանը որոշ ակտիւութիւն ցոյց տուեց: Անշուշտ, Ռուսաստանը, հաւանաբար, կ’ուզէր, որ հարցը կայծակնային լուծում ստանայ, եւ ինքը կարողանայ Ատրպէյճանը ունենալ վերջնականօրէն իր ազդեցութեան դաշտում: Բայց կարծում եմ, որ նաեւ ինքը հանդիպեց որոշ դիմադրութեան եւ նահանջեց, եւ բաւարարուեց այնքանով, որ փաստեց իր «պապայութեան» հանգամանքը շրջանում, եւ այդքանը: Այդ առումով, մտահոգութիւնները աւելի նուազել են այս պահին»: