ԱԽԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Ախալքալաքի գիւղերու խնդիրներուն ծանօթանալու եւ 2009ին առնուելիք քայլերը յստակացնելու նպատակով, քաղաքապետարանի ստեղծած յատուկ յանձնախումբը Նոյեմբերի 4էն 18ը այցելութիւններ տուած է շրջանի գիւղերը, ուր յայտնուած է, թէ բնակիչները կը յուզէ յատկապէս խմելու ջուրի պակասը, ճամբաներու կառուցման ու բարեկարգման դանդաղութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցներու վերանորոգման խնդիրները:
Միւս կողմէ, Ախալքալաքի մէջ գտնուող Փոքրամասնութիւններու գործերով զբաղող Եւրոպական կեդրոնին մէջ, զանգուածային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան թիֆլիսեան «Տաք շոքոլաթ» ամսագրի լրագրողին հետ, արծարծելու համար Ախալքալաքի բնակիչները յուզող էական խնդիրներ եւ երիտասարդութեան ապրելակերպի լուսաբանումը:
Լրագրողին խօսքերով, իր թերթը կը պատրաստուի վրացի ընթերցողին համապարփակ տեղեկատուութիւն տրամադրելու Ախալքալաքի մասին:
«Panorama.am» գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ այս տարուան Դեկտեմբեր 2ին Ախալքալաքի մէջ գործող կեդրոններէն Երիտասարդական կեդրոնը պիտի տօնէ իր գործունէութեան առաջին տարին: Կեդրոնի 2007ին գնուած շէնքը վերանորոգուած է ԱՄՆի արեւմտեան ափի «Չաւախք» յանձնախումբի տրամադրած միջոցներով, իսկ կահաւորումը ձեռք բերուած է Քանատայի համանուն յանձնախումբի դրամական օժանդակութեամբ: Երիտասարդական կեդրոնը կը ծառայէ իբրեւ հաւաքատեղի եւ զբաղմունքի հիմնական վայր, ինչպէս նաեւ՝ գիտական զարգացման կեդրոն:
Ներկայիս կառոյցին մէջ կը գործեն հայոց պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, վրացերէնի, անգլերէնի, համակարգչային գործի, ասեղնագործութեան եւ կարուձեւի խմբակներ, որոնց անդամակցած են աւելի քան 370 աշակերտ: Թէեւ կեդրոնը ունի գրադարան, սակայն անիկա աղքատիկ է, եւ հոն զգալի է անհրաժեշտ գեղարուեստական գրականութեան պակասը:
Միւս Կողմէ, «Տաք շոքոլաթ»ի լրագրողը տեղական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն տուած հիմնական հարցը կը շօշափէր լրատուամիջոցներու ներկայ կարգավիճակը, անոնց գործունէութեան առկայ խնդիրը, տեղական, մշակութային, զուարճանքի կեդրոններու գործունէութիւնը, որոնց մասին հարուստ տեղեկութիւն չգտնուեցաւ: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ լեզուի խնդիրը, ինչպէս նաեւ յայտնուեցաւ, որ տեղաբնակները միշտ պատրաստ եղած են երկրին պաշտօնական լեզուն սորվելու, սակայն անոնք չեն տիրապետած Վրացերէնի, վրացիներու հետ անմիջական շփման պակասի հետեւանքով: