Յունուար 4, 2009ին, Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած Հրայր Մարուխեանի մահուան 10ամեակի առիթով ոգեկոչական հաւաքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Սեդօ Պոյաճեան հետեւեալ ձեւով ներկայացուց Հրայր Մարուխեանի վաստակը.
Երբ խօսէիր ընկ. Հրայր Մարուխեանի հետ, չէիր կրնար խուսափիլ իր դիւթական հեղինակութենէն: Երբ գործէիր իրեն հետ, չէիր կրնար դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Երբ մտածէիր իրեն հետ, չէիր կրնար շրջանցել իր իմացական կարողութիւնը: Աւելին, ընկ. Հրայրին մտերմութիւնը ջերմ էր, անհատականութիւնը՝ գօտեպնդիչ, խօսքը՝ խրախուսիչ, գործը՝ անզուգական:
Ընկերը, ինչպէս մեր շրջանին մէջ աւանդութեան վերածուած էր զինք այդպէս կոչել, մարմնացումն էր գաղափարական խիզախութեան եւ յանդուգն գործունէութեան՝ ի խնդիր մեր ազգային ուղղութեան եւ նպատակներու նուաճման:
Այսօր կ’ոգեկոչենք «ընկերը»: Կ’ոգեկոչենք ոչ թէ ընկ. Հրայրին մահը, այլ՝ տասնամեայ բացակայութեան իսկ իր յարատեւող գաղափարական ներկայութիւնը՝ մեր կազմակերպական ու ազգային կեանքէն ներս: Կ’ոգեկոչենք ոչ թէ անդարձ բաժանումը, այլ իր կտակած անջնջելի վաստակը՝ մեր կազմակերպութեան ու ազգին:
Ընկ. Հրայր լուսագծեց մեր արդի քաղաքական շրջանի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհը: Մղում տուաւ Հայ Դատի ուժական հետապնդման գործին: Բիւրեղացուց մեր գաղափարական աշխարհահայեացքը եւ արդիականացուց կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը: Քաղաքականացուց ժողովրդային մտայնութիւնը եւ նախաձեռնեց մեր յեղափոխական աւանդներու վերազարթնումին: Շեշտադրեց Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Պաշտպանեց մեր ազգային եւ պետական կեանքի ժողովրդավարացման գործընթացը:
Քաղաքական անսահման հմտութեամբ, ղեկավարի անընկճելի կամքով, մտաւորականի բարձր յատկութեամբ եւ կազմակերպական անհատնում ընդունակութեամբ, ընկ. Հրայր հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յեղափոխական առաջնորդը եւ բոլորանուէր մարտիկը: Ան կը պատկանէր դաշնակցական այն բացառիկ սերունդին, որ 1963ի ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդմէջէն նախաձեռնեց մեր կուսակցութեան կազմակերպական արդիականացման, շարքերու վերաթարմացման եւ հայութեան իրաւունքներու գործնական հետապնդման: Դաշնակցութեան սփիւռքեան շրջանի աւագ սերունդէն ջահը փոխանցուած էր նոր սերունդին, որուն բարձրագոյն ջահակիրն էր ընկ. Հրայրը:
Նոր սերունդին առաջադրանքներուն ամբողջական ամրագրումը կատարուեցաւ 1972ի ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր իր տիրական ներկայութեամբ ընկ. Հրայր իր հեղինակաւոր դրոշմը դրաւ մեր հետագայ կազմակերպական ու քաղաքական գործունէութեան ուղիներուն վրայ: Հոն էր որ բիւրեղացան կառուցային արդիականացման, ժողովուրդի քաղաքականացման ու գործելակերպի յեղափոխականացման մեր նորագոյն աւանդները, որոնք այսօր անքակտելի նախադրեալները կը կազմեն դաշնակցական գործին:
Մեկնելով մեր նորագոյն աւանդներէն, խաւարը դատապարտելու փոխարէն, ան փորձեց ու յաջողեցաւ լուսաւորում առաջացնել: Փոխանակ սին քննադատութեան, ան առաջադրեց ու գործադրեց լուծումներ եւ ծրագրեր: Մենք մեծապէս պարտական ենք այն առաջնորդող ու մղիչ պատասխանատուութեան, որ ան ունեցաւ մեր նորագոյն աւանդներու հետապնդման ու կիրարկման մէջ:
Խոր համոզում կը տածէր շրջապատի փոփոխութիւններուն հետ մտածելակերպային ու գործելաձեւային առումներով քայլ պահելու սկզբունքին հանդէպ: Նախապայման էր մեր կառուցային դրութեան արդիականացումը: Սակայն նոյնքան էական կը նկատէր արդիական կառոյցներու մէջ գործող ոճային, գործելաձեւային եւ մտային արդիականացումը: Այսօր փաստը այն է, որ հաւատարիմ մնալով հանդերձ Դաշնակցութեան աւանդական էութեան, մեր գաղափարական ուղղութիւնը, քաղաքական վարքագիծը, կառուցային դրութիւնը եւ գործունէութեան ոճը հմտութեամբ կը պատշաճին մեր ժամանակներու պայմաններուն: Այս նուաճումին մէջ ակներեւ է ընկ. Հրայրին դրոշմը:
Մեր շարքերուն եւ ժողովուրդին քաղաքականացման ու քաղաքական գիտակցութեան բարձրացման առաջադրանքները կենսական հրամայականներ էին իրեն համար, որովհետեւ քաղաքականացած գիտակցութեան մէջ կը կայանար մեր գործունէութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման յաջողութեան գրաւականը: Մեր պահանջատիրութեան դէմ դրսեւորուող անտեսումի կեցուածքներու յաղթահարումը կը պարտադրէր ունենալ գիտակից, քաղաքականացած, յանձնառու եւ նախաձեռնող շարքեր ու ժողովուրդ: Ետ նայելով յստակօրէն տեսանելի է այն երկար, այլեւ դժուարին ճամբան, որ հարթեց մեր քաղաքականացման ընթացքը: Այս ճանապարհի իւրաքանչիւր քայլին վրայ տեսանելի է ընկ. Հրայրին դրոշմը:
Միաժամանակ ան հանդիսացաւ մեր յեղափոխական աւանդներու ջերմ պաշտպանը եւ մեզ այդ աւանդներուն վերադարձնող դարբինը: Ապագայ պատմագիրը վստահաբար պիտի ընգծէ մեր քաղաքական ու պահանջատիրական պայքարին մէջ ընկ. Հրայրին ստանձնած գործակերտ պատասխանատուութիւնը, ուր տիրական ներկայութիւն եղաւ իր մղիչ հեղինակութիւնը եւ կազմակերպական կարողականութիւնը: Միայն ընկ. Հրայրին դրոշմը կրնար կրկնելի դարձնել մեր մարտական աւանդներու փորձառութիւնը:
Երբ ծլարձակեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ քաղաքական նոր տեղաշարժեր յուսալի հորիզոններ պարզեցին հայութեան առջեւ, ընկ. Հրայր եղաւ հիմնական կերտիչը ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած «Դէպի Երկիր» ուղղութեան:
Այնուհետեւ, ան համակ նուիրումով գործուղեց մեր բոլոր միջոցները, կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները դէպի հայրենիք, դէպի Արցախեան ազատամարտ: Բոլորէն առաջ, կրկին իր անձին օրինակով, ընկ. Հրայր հաստատուեցաւ հայրենիք՝ հունաւորելու եւ ընդլայնելու համար մեր ազգային պայքարը:
Ան ապրեցաւ ու գործեց մէկ հիմնական նպատակի համար՝ ծառայել Հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին: Ա՛յս եղաւ իր միակ դաւանանքը, որուն համար իր կատարած կուսակցական երդումը նկատեց իր սրբութիւն սրբոցը:
Խոր զգացումներով եւ անխառն հպարտութեամբ դիմաւորեց Հայաստանի անկախութիւնը: Իր երազած անկախ հայրենիքը իրականացած էր: Իրեն համար ալ ժամանակը եկած էր վերադառնալու պապենական տուն՝ Երկիր, հոն շարունակելու սուրբ գործը՝ անկախութեան պահպանման, հայ պետութեան ամրապնդման, ժողովրդավար ու արդար կարգերու հաստատման, հայ կեանքի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ հայրենական գրաւեալ հողերու ազատագրման:
Ափսոս, հայրենի ղեկավարութիւնը՝ իր ազգընտիր նախագահին առաջնորդութեամբ, թշնամանքով ու նենգութեամբ ընկալեց ընկ. Հրայրին ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերադարձը հայրենիք: Մեր ընկերը յայտարարուեցաւ անբաղձալի տարր՝ ապաշնորհ նախագահին կողմէ: Հաւատարիմ իր դաշնակցական երդումին եւ զոհաբերման գիտակցութեան, ընկ. Հրայր կամովին ենթարկուեցաւ նախագահական հրամանագրին, քանի որ հայրենիքի կայունութեան ու ազգի անդորրութեան պաշտպանումը կը պահանջէր ընթացք տալ օրուան հայրենի բռնակալի փոքրոգութեան:
Բնականաբար ծանր էր որոշումը ընկ. Հրայրին համար: Սակայն ան շարունակեց իր աշխատանքը Սփիւռքի ափերուն՝ միշտ ի խնդիր եւ ի սպաս Հայաստանի: Ան շարունակեց ձեռք երկարել օրուան հայրենի իշխանութեանց՝ միշտ հանդիպելով անոնց ապիկար մերժումին: Այսուհանդերձ, ան շարունակեց կոչ ուղղել «բոլորին, բոլորին, բոլորին վերադառնալ հայրենիք, երթալ հայրենիք, մեռնիլ յանուն հայ ժողովուրդին՝ ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդը»:
Ընկ. Հրայր, հաւատարիմ իր էութեան, եղաւ ու մնաց ներշնչարանը՝ յոյսի եւ լաւատեսութեան: Ամէնէն խաւար պահերուն իսկ, ան կառչած մնաց յոյսին ու լաւատեսութեան եւ շրջապատը համակեց այդ յոյսով ու լաւատեսութեամբ: Շնորհիւ այդ կրկնակ առաքինութիւններուն, ան յաջողութիւն որոնեց, երբ ուրիշներ ձախողութիւն պատգամեցին: Ան լոյս սփռեց եւ հայութեան արշալոյսը աւետեց, երբ ուրիշներ անցողակի պայմաններու մէջ տեսան կազմակերպական փլուզում եւ ազգային նահանջ:
Իրեն համար հայութիւնը յոյսի ժողովուրդ էր, Հայաստանը՝ լոյսի հայրենիք: Գործեց այդ գիտակցութեամբ: Շրջապատը համակեց այդ գաղափարով, քանի որ «կը գան» մեր լաւագոյն օրերը: Ասիկա հարազատ հանրագումարն է իր քառասնամեայ գաղափարական, կազմակերպական ու մարտական պայքարին, որ այսօր մեզի կտակուած է, որպէսզի շարունակենք հայրենիքի սրբազան գործը:
Այսօր, Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս վերադարձած է հայրենիք: Ան իր տեղը գրաւած է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ: Ան յետ այսու կը պատկանի Հայաստանին ու հայութեան, որոնք այժմ իրաւատէրերն են իր անջնջելի կտակին:
Այսօր, Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական տան մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, ան կը յուշէ. Հայութեան լաւագոյն օրերը տակաւին պիտի գան, քանի մենք յոյսի ժողովուրդ ենք: Հայութեան յաջողութեան օրերը տակաւին կը կազմաւորուին, քանի մենք կամքի ժողովուրդ ենք: Հայաստանի բարգաւաճման, հզօրացման եւ ամբողջացման օրերը տակաւին կը կերտուին, քանի մենք պայքարի ու յարատեւ կռիւի ժողովուրդ ենք:
Այսօր, ընկ. Հրայր վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական շիրիմին մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, կը շարունակէ յորդորել բոլորին, բոլորին անխտիր՝ «ՊԻՆԴ ԿԱՑԷ՛Ք»: