Երկրաշարժի ահազդու գոյժին օրն իսկ, ՀՕՄի միաւորները աշխարհի տարածքին գործի լծուեցան օգնութեան հասնելու համար աղէտահար հայրենիքին։ Թէեւ, իր օրին, ամէ՛ն մէկ միաւոր, ապագայ ճշգրիտ պատմագրութեան ի խնդիր, մամուլի միջոցաւ հանրութիւնը հաղորդ պահեց իր աշխատանքներուն աշխարհածիր գործունէութեան համապատկերին, այժմ, աւելի քան երկու տասնամեակ անց, անհրաժեշտ է, որ շուրջ 16,000 ՀՕՄուհիներու անսակարկ նուիրումը այդ հեւ ի հեւ աշխատանքին՝ ներկայացուի իր ամբողջակա՛ն տարողութեամբ։ Այդօրինակ ներկայացման փորձ մըն է այս գրութիւնը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը 1988ին հարուածած երկրաշարժէն անմիջապէս ետք ՀՕՄին կողմէ ձեռնարկուած անմիջական օգնութեան եւ օժանադկութեան երկարատեւ ծրագիրներէն անոնք, որոնք օրին առանձին տեղեկագրուած են Կեդրոնական վարչութեան եւ պահպանուած մեր արխիւներուն մէջ։ Անկասկած, որ ՀՕՄի շրջանային, մեկուսի թէ մասնաճիւղերու վարչութիւններ բազմատասնեակ այլ նախաձեռնութիւններ եւս ստանձնած են, որոնք օրուան թոհ ու բոհին մէջ պարզապէս չեն արձանագրուած կամ տեղեկագրուած Կեդրոնական վարչութեան եւ պահուած կը մնան տեղական արխիւներուն մէջ։
Առաջին հերթին, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՕՄի բերելիք մասնակցութիւնն ու ստանալիք օժանդակութիւնը յստակացնելու ճամբով, անմիջապէս կապեր հաստատեց Ուաշինկթընի Խորհրդային Դեսպանատան, Միացեալ Նահանգներու Արտերկրեայ Աղէտներու Օգնութեան Գրասենեակին, Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան, Ամերիկեան Կարմիր Խաչի Միջազգային Օգնութեան Բաժանմունքին եւ այլ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ։
Երկրաշարժին անմիջապէս յաջորդող հրատապ փուլին համար, ՀՕՄը իր աշխատանքային ծրագիրը մշակեց՝ նկատի ունենալով հետեւեալ երեք առաջնահերթութիւնները.-
1. Կանխել փրկութեան եւ օգնութեան աշխատանքներուն դանդաղութեան ու բժշկական անհրժեշտ միջոցառումներու եւ դեղօրայքի անբաւարարութեան պատճառած մահերը։
2. Բժշկական խնամք ապահովել վերապրողներուն։
3. Չանալ վերականգնել նախա-աղէտային պայմանները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով վերակառուցման եւ տնակորոյս բնակիչներու վերաբնակեցման ծրագիրներուն վրայ։
Դեկտեմբեր 8ի առաւօտեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց իր աշխարհասփիւռ միաւորները՝ համադրելու համար թէ՛ շտապ օգնութեան առաջին քայլերը եւ թէ՛ գալիք օրերու անհամար կարիքներուն հասնելու երկարատեւ ծրագրաւորումները։ Միաժամանակ, ան իր բոլո՛ր շրջանային թէ մեկուսի միաւորներուն ուղղութիւն տուաւ հանգանակութեան ձեռնարկելու՝ աղէտեալ գօտիին տրուելիք օգնութիւնը իր առաւելագոյնին հասցնելու առաջադրանքով։ Ա՛յն շրջաններուն մէջ, ուր համագաղութային մարմիններ կազմուած էին նո՛յն նպատակին համար, ՀՕՄի միաւորներուն եւ անդամներուն թելադրուեցաւ, միացեա՛լ ճիգերով, իրենց ամբողջակա՛ն մասնակցութիւնը բերել տարուող գործունէութեան։ Օգնութեան աշխատանքները համադրելու եւ տեղեկութիւններ փոխանակելու համար, արտերկրի տարածքին, հեռախօսային եւ հեռատպային ամենօրեայ կապերու ցանց մը հաստատուեցաւ ՀՕՄի միաւորներու, յարակից թէ համայնքային հայ կազմակերպութիւններու հետ։ Օտար հաստատութիւններու եւ այլ գրասենեակներու համար, ՀՕՄի Ուաշինկթընի գրասենեակը ծառայեց որպէս տեղեկատուական կեդրոն։
Արտերկրի հայութեան անդոհանքը փարատելու ձգտումով, հեռախօսային յատուկ գիծեր ապահովուեցան 11 տարբեր երկիրներէ ներս, աղէտի գօտիին մէջ գտնուող ազգականներու վիճակին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ փոխանցելու համար։ Ամերիկայի Ձայնի հայկական բաժնի հետ յատուկ համաձայնութեամբ, հեռախօսային այդ թիւերը շարունակաբար հեռասփռուեցան դէպի Հայաստան։
Աղէտէն չորս օր ետք, բաւարարելու համար երիկամունքի մաքրազտման մեքենաներու անբաւարար քանակի հրատապ հարցը, ՀՕՄի Ուաշինկթընի գրասենեակը կապ հաստատեց Baxter Healthcare ընկերութեան հետ եւ Դեկտեմբեր 18ին, 36,300 քիլօկրամ ծանրութեամբ երիկամունքի մաքրազտման յատուկ սարքաւորումներ Հայաստան ուղարկուեցան բժիշկներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած խումբի մը ընկերակցութեամբ։ Այդ խումբը, օրական մօտ 35 հիւանդ խնամելէ ետք, Ամերիկա վերադարձաւ Դեկտեմբեր 31ին։ Երկրորդ խումբ մը Հայաստան մեկնեցաւ Յունուար 7, 1989ին, եւ 16 օր մնալով, օրական մօտ 25 հիւանդ խնամեց եւ, այդ խնամքին շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ուղարկուած սարքաւորումներուն գործածութեան վարժեցուց Երեխաներու Թիւ 3 Հիւանդանոցի եւ վիրաբուժական հաստատութեան անձնակազմերը։
Հնարաւորին չափ մեծ թիւով վերապրողներու կեանքերը փրկելու առաջադրութեամբ, ՀՕՄը հետեւեալ քայլերը առաւ աղէտին առաջի՛ն շաբթուան իսկ ընթացքին.-
ա. Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած կամաւոր հաստատութիւններու ցանկէն ընկերութեան մը տրամադրած սեփական սաւառնակով՝ Հայաստան գործուղուեցաւ արկածային վէրքերու մասնագէտ բժիշկներու խումբ մը։
բ. Անմիջապէս, շուրջ $15,000 արժողութեամբ որոնման ու փրկութեան յատուկ սարքեր ուղարկուեցան աղէտեալ գօտիի գիւղերուն մէջ փրկութեան աշխատանքները արագացնելու համար։
Միաժամանակ, օգնութեան մեր աշխատանքներուն համար նիւթական միջոցներ ապահովելու մտօք, համաձայնութիւն կայացաւ Chrysler եւ Monsanto ընկերութիւններուն հետ՝ որուն հիման վրայ, անոնք խոստացան իրենց պաշտօնեաներուն կողմէ կատարուած նուիրատւութիւններուն դիմաց համահաւասա՛ր գումարներով մասնակցիլ ՀՕՄի Հայաստանի Աղէտեալներու Ֆոնտին։
Դեկտեմբեր 28ին, Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուաշինկթընի Խորհրդային դեսպանին յանձնեց երկրաշարժի օգնութեան ՀՕՄի ծրագիրներուն առաջարկը, որ կը բնորոշէր Միութեան Հայաստանի վերակառուցման աշխատանքներուն մասնակցութեան բնագաւառները՝ հետեւեալ կարգով.- Հոգեբուժական դարմանում վերապրողներուն. առողջապահական դարմանատուներու հայթայթում. տեղացի բժիշկներ մարզելու նպատակով՝ բժշկական մասնագէտներու փոխանակում, եւ այլազան մարզերու մէջ կամաւոր աշխատելու պատրաստ խումբերու կազմութիւն։
Նոյնպէ՛ս Դեկտեմբերին, ՀՕՄը համաձայնութիւն կայացուց օգնութեան բնագաւառի մէջ աշխատող համահայկական երկու այլ կազմակերպութիւններու՝ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հետ, օգնութեան ու վերակառուցման աշխատանքներու համադրման համար։
ՀՕՄը հետեւողականօրէն բանակցեցաւ Միացեալ նահանգներու Պետական քարտուղարութեան եւ Խորհրդային միութեան դեսպանատան հետ՝ սննդեղէնի քանակը աւելցնելու համար Միացեալ նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած ինքնաթիռներով Հայաստան տարուող մարդասիրական օգնութեան ցանկին վրայ։ Ընդամենը 13 թռիչքներով, Դեկտեմբերէն Փետրուարի միջեւ, Ամերիկայէն Հայաստան փոխադրուեցաւ 300 թոն ապրանք (բժշկական գործիքներ, դեղօրայք, հագուստեղէն եւ վրաններ) հաւաքուած գլխաւորաբար ՀՕՄի, ՀԲԸՄի եւ մասամբ՝ այլ հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ։ ՀԲԸՄի հետ յատուկ կարգադրութեամբ, ուղարկուած բոլո՛ր ապրանքները յանձնուեցան Երեւանի առաջնորդ՝ Գարեգին Սրբազան Ներսիսեանին, առ ի ցրւում հիւանդանոցներու եւ վերապրողներու։
Յունուար 26ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին գլխաւորութեամբ, ՀՕՄի պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթընէն մեկնեցաւ Մոսկուա եւ Հայաստան։ Կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու եւ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցները կատարուած այցելութիւններու բովէն անցնելով, ՀՕՄի 7 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան քաղած տեղեկութիւնները հիմը կազմեցին Միութեան որդեգրած ու գործադրած ծրագիրներուն։
Յատկապէս առողջապահական բնագաւառէն ներս, պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ, որ մինչ բժշկական սարքերու եւ կազմածներու սակաւութիւնը համատարած էր երկրի տարածքին, աւելի՛ լուրջ էր առողջապահական հաստատութիւններու միջեւ հասարակաց չափանիշներու պակասը։ Յատուկ ուշադրութեան կը կարօտէր բժշկական բոլո՛ր ճիւղերուն մէջ, փոխանակման ծրագիրներու միջոցաւ, բժիշկներու եւ այլ մասնագէտներու վերապատրաստումը։
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը տեղեկացաւ, թէ աղէտահար շրջաններու վերակառուցման ծրագիրներուն մշակման ընթացքին, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը իրազեկ դարձած էր վերապրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններու գրանցման անհրաժեշտութեան՝ եւ ա՛յդ հիման վրայ, բնակչութեան առողջապահական կացութեան ուսումնասիրութեան եւ համապատասխան դարմանումի կարեւորութեան։ Նկատի առնելով, որ Հայաստանի մէջ կը պակսէին բարձր ճարտարարուեստի կարելիութիւններ նման լայնածաւա՛լ եւ երկարաժամկէտ ուսումնասիրութիւններ կատարելու, ՀՕՄը, Johns Hopkins համալսարանի հետ համագործակցաբար, առաջարկ ներկայացուց նման ծրագրի մը իրականացման համար։ Այս ծրագիրը ընդունուեցաւ անմիջապէս եւ ՀՕՄը $180,000 յատկացուց անոր գործադրութեան համար։
Ծրագրին գլխաւոր նպատակն էր կատարել ուսումնասիրութիւններ՝ արժեւորելու համար աղէտահար բնակչութեան առողջապահական խնդիրները, հաստատել կացութեան հետեւելու եւ հակազդելու միտող համակարգ մը, Առողջապահական նախարարութեան մէջ ստեղծել ուսումնասիրութիւններու եւ արժեւորման միաւոր մը՝ համապատասխան յարմարութիւններով, իրականացնել նման ծրագրի մը համար անհրաժեշտ անձնակազմի պատրաստութիւնը, եւ ուսումնասիրութենէն ընկալուած տեղեկութիւնը օգտագործել՝ տուեալ բնակչութեան պատշաճ խնամք մատակարարելու համար։ Այս ծրագիրը կ’ամբողջանար 1992 թուին։
Վերոյիշեալ ծրագրին հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող ծրագրով մը, ՀՕՄը համաձայնութիւն կայացուց Volunteers in Technical Assistance միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, եւ իր Հիւսիսային Ամերիկայի միաւորին հետ միասնաբար, հովանաւորեց աշխարհահռչակ թաւջութակահար Մստիսլաւ Ռոստրոպովիչի կատարումով նուագահանդէս մը՝ Ուաշինկթընի Քէնըտի կէդրոնին մէջ։ Այս նոյն կազմակերպութեան գործակցութեամբ, 1990ի գարնան Հայաստան (Սպիտակ) ղրկուեցաւ երշիկի գործարանի յատուկ ամբողջական սարքուածք. նոյն նպատակին համար երեք անհատներ ուղարկուեցան Kansas՝ մասնագիտանալու համար որպէս երշիկի արտադրութեան արհեստաւոր։ Կեդրոնական վարչութիւնը այս ծրագրին յատկացուց մօտ $60,000.
Մարտ 29, 1989ին, ՀՕՄի կողմէ հովանաւորուած երկու ակնառու բժիշկներ՝ Նիու Եորքի Montifior բժշկական կեդրոնի պատասխանատու տնօրէններ Վլատիմիր Քվէթանի եւ Վալէրի Պաշթօք վերադարձան Հայաստան կատարած իրենց եօթնօրեայ այցելութենէն։ Իրենց կեցութեան ընթացքին, այս երկու մասնագէտները Հայաստանի բժիշկները ծանօթացուցին սրտերակային բուժման այլազան ձեւերուն եւ սերտօրէն գործակցեցան տեղւոյն հիւանդանոցներուն մէջ գործող երիկամներու բուժման մասնագէտներու հետ։
Առողջապահական ծրագիրներու շարքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը ստանձնեց Հանրապետական Հիւանդանոցին Շտապ Խնամքի Բաժանմունքին սարքաւորումը, ինչպէս նաեւ նոյն հիւանդանոցի անձնակազմէն երկու բժիշկներու վերապատրաստութիւնը՝ վերեւ նշուած Montifior բժշկական կեդրոնին մէջ։ Այս $30,000 արժողութեամբ ծրագիրը ամբողջացաւ 1990ի ապրիլին։ ՀՕՄը կարողացաւ նաեւ ձրիաբար ապահովել վիրաբուժական գործիքներ եւ բժիշկներու համապատասխան պատրաստութիւն՝ որուն համար, որպէս ճանապարհածախս, յատկացուց $4000։
1989ի Օգոստոս 30էն Սեպտեմբեր 12, ութը մասնագէտ հոգեբոյժներէ բաղկացած խումբ մը Հայաստան գործուղուեցաւ այս մարզին մէջ համագործակցութեան եզրեր ճշդելու եւ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն կնքելու նպատակաւ։ ՀՕՄը, այս ծրագրի գործադրութեան համար յատկացուց նաեւ $12,000՝ որպէս ճանապարհածախս։ Նոյն տարուան սեպտեմբերին, Կեդրոնական վարչութիւնը $30,000ով մասնակցեցաւ Հայ հետազօտական հիմնարկութեան հովանաւորած, Հայաստանը համակարգիչներով օժտելու եւ անոնց գործածութեան համար վարժողական յատուկ ծրագիր մը իրականացնելու նախաձեռնութեան։
Նոյն ժամանակաշրջանին, ՀՕՄը Հայաստան ուղարկեց 25 երիտասարդներէ բաղկացած շինարարական կամաւորներու խումբ մը՝ Ախուրեանի Գետք գիւղին մէջ իրենց բաժինը բերելու վերաշինութեան գործին։ Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւնները այս մեծ յաջողութիւն գտած ծրագրին մասնակցեցան $15,000ով։ Երկրաշարժին յաջորդող 1990-91 տարեշրջանին, ՀՕՄը որդեգրեց երկու նոր ծրագիրներ եւս.-
1. Համայնքային հաւաքավայրերու ծրագիր՝ հիմնելու ակումբներ երկրի տարածքին, օժտուած տուեալ համայնքի կարիքները գոհացնող սարքաւորումներով։ Այս ծրագրին յատկացուեցաւ $200,000։
2. Գիւղերու ծրագիր՝ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերը բարելաւելու եւ, ի մասնաւորի, սահմանամերձ շրջաններու ապրուստի միջոցները զարգացնելու նպատակաւ։
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին հետ միասնաբար, ստանձնեց երկրաշարժի օգնութեան համար Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին եղած հանգանակութեան պատասխանատուութիւնը։ Հաւաքուեցաւ աւելի քան չորս ու կէս միլիոն տոլար ($4,556,443)։ Այս գումարին մեծ մասը ($2,707,574) յատկացուեցաւ Գրաշէն գիւղի շինարարական ծախսերուն՝ 42 տուն, 1 դպրոց եւ մանկապարտէզ մը. վերջին երկուքին ծախսերը հոգացին Հայ կրթական հիմնարկութիւնը եւ տիկ. Էլիզա Մերտինեանը։ Այս ծրագիրը իր մէջ ընդգրկեց նաեւ Նոյեմբերեանի մէջ 32 տուներու եւ Սարիարի մէջ 15 տուներու շինութիւնը։
Առողջապահական ու յարակից բնագաւառներէ ներս յատկացուեցաւ.- հոգեբուժական խնամքի՝ $300,000. բժշկական սարքաւորումներու՝ $200,000. երկու շարժուն դարմանատուներու՝ $196,000. որբերու ֆոնտին՝ $150,000. ատամնաբուժական՝ $75,000. ակնաբուժութեան՝ $60,000. Սան Ֆրանսիսքոյի հիւանդանոցներուն մէջ հոգատարութիւն՝ տուժած մանուկներու համար՝ $60,000. արուեստական անդամներու (prosthesis) կեդրոնին՝ $50,000. սննդական (փոշի կաթ)՝ $40,000։ Ընդհանուր գումար՝ $1,131,000։
Ասոնց կողքին, Թալինի մէջ հիմնուեցաւ առաջին Optic-ը, որ արժեց $250,000. օրին, ան կը նկատուէր (Մոսկուայէն ետք) Սովետ միութեան ամենաարդիական տեսողագիտական հաստատութիւնը։ Աւելի ուշ, Optic-ներ հիմնուեցան նաեւ Վանաձորի ու Երեւանի մէջ։ Նոյնպէս Երեւանի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Միքայէլեան հիւանդանոցին տրամադրեց ամբողջ բաժանմունքի մը արդիական սարքաւորումները։ Վանաձորի համալսարանի բաժանմունքներէն մին եւս օժտուեցաւ $200,000 արժողութեամբ նոր շէնքով մը, ուր տեղափոխուեցան երկրաշարժի հետեւանքով տնակներու մէջ հաստատուած դասարանները։
Միաժամանակ, երեք երիտասարդներ հրաւիրուեցան Լոս Անճելըս՝ մասնագիտանալու Հայաստանի զանազան առողջապահական հիմնարկներուն տրամադրուած սարքերու նորոգման աշխատանքներուն մէջ։ Այդ երիտասարդներէն մին, այսօր կը ծառայէ ՀՕՄի «Մօր-ու-Մանկան» առողջական ու ծննդաբերական կեդրոնին մէջ։
ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը եւս ստանձնած էր հանգանակութեան մը նախաձեռնութիւնը եւ ճշդած իր յատկացումներուն առաջնահերթութիւնը՝ հետեւեալ կարգով.-
1. Շինարարական.- $1,000,000 յատկացում՝ Ախուրեանի շրջանի Արշաւիր Շիրակեան գիւղի 41 տուներու կառուցման։ Այս յատկացումէն անդին, ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի միաւորը ստանձնեց Ախուրեանի վարժարանի վերանորոգութիւնը, որ վերանուանուեցաւ Նիկոլ Աղբալեան վարժարան։ Նոյն շրջանին մէջ կառուցուած է նաեւ Նիկոլ Աղբալեանի անուան մանկապարտէզ։
2. Բժշկական.- $65,000՝ Prosthesis կեդրոնին. $48,000՝ վիրահատման գործիքներու. $28,000՝ հոգեբուժական խնամքի. $1,200,000՝ շուրջ 60 բուժքոյրերու Միացեալ Նահանգներուն մէջ պատրաստութեան.
3. Մայրերու ֆոնտին՝ $1,000,000.
4. Հաղորդակցական միջոցներու զարգացման՝ $65,000.
5. Առաջնորդարանի հետ միացեալ ձեռնարկներու՝ $30,000.
Շրջանը USAID-էն ստացաւ կառավարական յատկացումներէն իր բաժինը՝ ($799 000) բժիշկներու եւ բուժքոյրերու փոխանակման եւ վերապատրաստութեան զոյգ ծրագիրներուն համար, որուն վրայ ՀՕՄը աւելցուց ի՛ր յատկացումը ($397,000)՝ ընդհանուր գումարը հասցնելով $1,196,000ի։
Դարձեալ Ախուրեանի մէջ, Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը հիմնեց «Մօր ու Մանկան» Առողջութեան կեդրոնը, որ այդ օրերուն կը գործէր մի քանի փոքր տնակներու մէջ. աւելի ուշ այդ կեդրոնի խնամակալութիւնը ստանձնեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը։ Վերոյիշեալ կեդրոնը այսօր արդէն օժտուած է իր ծննդաբերական մասնաբաժինով եւ կը հսկէ Ախուրեանի շրջանի աւելի քան 22 բնակավայրերու կանանց ու երեխաներու առողջապահութեան։
Առաջին առիթով ջեռուցման համար $5000 յատկացնելէ ետք, ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի միաւորը աղէտի գօտիին յատկացուց 3000 քարիւղի ջեռուցիչներ՝ 100,000 կալոն վառելանիւթով։
Քանատայի շրջանը, Աղէտի ժամանակ, տակաւին մաս կը կազմէր Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՕՄին։ Այնուամենայնիւ, Քանատայի ՀՕՄի բոլո՛ր մասնաճիւղերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին տեղւոյն համագաղութային հանգանակութիւններուն՝ որոնց միացեալ արդիւնքը հասաւ երկու միլիոն քանատական տոլարի։
ՀՕՄի միջոցաւ ղրկուեցան 10 երիկամներու մաքրութեան գործիքներ, շարժուն դարմանատուն մը, 6 բեռնատար սաւառնակ դեղօրայք, բժշկական կազմածներ՝ $237,000 արժողութեամբ, այլազան ուտեստեղէններ՝ $37,000, ելեկտրական սարքաւորումներ ու շինանիւթ՝ $35,000, ինչպէս նաեւ վրաններ ու բուրդէ հագուստեղէն՝ $50,000։
Հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքները շարունակուեցան հետեւեալ ձեւով.-
1990ի Մարտին, օդանաւ մը լեցուն հանդերձանք, սնունդ, դեղօրայք, այլազան շինարարական թէ բժշկական պիտոյքներ առաքուեցան Հայաստան։ Ընդառաջելով երկրին արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած կացութեան, ուղեկից կազմակերպութիւններու աշխատակցութեամբ, անգամ մը եւս Քանատայի ՀՕՄականները բուռն թափով աշխատանքի լծուեցան։ Հայաստան ուղարկուեցան շուրջ 3.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ 53 բեռնարկղ (container) դեղօրայք, բժշկական սարքաւորումներ, տաք զգեստներ ու սննդեղէն։
Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ՀՕՄը մաս կազմեց համագաղութային յանձնախումբերու եւ իր մասնաճիւղերուն տարած աշխատանքը համադրեց ընդհանուր համակարգիչ մարմիններու աշխատանքներուն հետ։ Ընկերուհիները իրենց վրայ առին հանդերձահաւաքի դասաւորման պարտականութիւնը եւ մասնակցեցան դեղահաւաքի եւ սննդահաւաքի գործերուն։
Ցամաքամասի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, ՀՕՄը մասնակցեցաւ հետեւեալ գումարներով.- Մոնթէվիտէօ՝ $110,000. Գորտոպա՝ $50,000. Սան Փաօլօ՝ $500,000. Ռոսարիօ՝ $32,000. Պուէնոս Այրէս՝ $1,500,000։
ՀՕՄի Նայիրի պարախումբին ելոյթէն գոյացաւ $5000 եւ ՀՕՄը Հայաստան առաքեց $15,000 արժողութեամբ 10,000 քիլօ միս։ 1990ի ձմրան, Հայաստան առաքուեցաւ նաեւ $60,000ի փոշի կաթ։
Եւրոպական ցամաքամասին վրայ, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը, ի՛ր միջոցներով, կարողացաւ հանգանակել աւելի քան $3,233,000 եւ առաքել շուրջ $834,000 արժողութեամբ ապրանք։ Նախքան իր ծրագիրներուն անցնիլը, Կապոյտ Խաչը, «Ազնաւուր Հայաստանի Համար» եւ «Էս-Օ-Էս Արմէնի» խմբակցութիւններուն հետ միասին, 2000 թոն ապրանք ուղարկեց «Աէրօֆլօթ»ի եւ այլ պետական մարմիններու տրամադրած սաւառնակներով։
Կրկին վերոյիշեալ խմբակցութիւններուն հետ գործակցաբար, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը, շուրջ $134,000ով մասնակցեցաւ Ծաղկահովիտի մէջ 300 տնակներու շինութեան, եւ առաքեց շուրջ $14,000 արժողութեամբ հացի փուռեր։
Կապոյտ Խաչի առանձին յատկացումներն էին հետեւեալները.-
1. Շինարարական.- Ամասիոյ 50 տուներու, Գոգարանի եւ Ստեփանաւանի դեղարաններու շինութեան՝ $1,015,000.
2. Փոխադրութեան ծախսերու՝ $189,000.
3. Ուտեստեղէնի՝ $184,000.
4. Տնակներու անկողիններու՝ $109,000.
5. Հագուստեղէնի՝ $90,000.
6. Դպրոցական պիտոյքներու՝ $78,000.
7. Մասնագէտներու եւ մանուկներու կեցութեան ծախսերուն՝ $76,000.
8. Վրաններու եւ բանակումի իրերու՝ $51,000.
9. Առողջապահական գոյքերու՝ $26,000.
10. 7 երեխաներու բժշկական խնամքի՝ $22,000.
11. Ժապաւէններու պատրաստութեան՝ $8000.
Ընդհանուր գումար՝ $1,996,000
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը, ի՛ր ջանքերով ապահովեց սաւառնակ մը եւ ուղարկեց 35 թոն դեղօրայք եւ ուտեստեղէն։ Մասնակցեցաւ համագաղութային «Հայաստանի աղէտեալներու օգնութեան Յունաստանի կոմիտէ»ին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ անոր աշխատանքներուն։ Այս ուղղութեամբ, կարելի եղաւ 9 սաւառնակներով (մէկ միլիոն տոլար արժէքով) 300 թոն դեղօրայք, ուտեստեղէն, հագուստեղէն եւ բժշկական սարքաւորումներ ուղարկել Հայաստան։ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը նաեւ կազմակերպեց արիւնարշաւ՝ վիրաւորներուն բուժման եւ ապաքինման սատարելու համար։
Իր կարգին, Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչը գործակցեցաւ շրջանին մէջ գործող բոլո՛ր հայ կազմակերպութիւններէն յառաջացած յանձնախումբին հետ։ Հանգանակութեան արդիւնքն էր՝ $100,000։ «Հայաստանի աղէտեալներու օգնութեան Յունաստանի կոմիտէ»ին ճամբով, մէկ բեռնատար սաւառնակ՝ 25 թոն պահածոներով, 7000 մուշտակ վերարկուներով եւ մէկ թոն դեղօրայքով՝ ղրկուեցաւ Հայաստան։
Հայ Օգնութեան Միութեան Անգլիոյ Մեկուսի Մասնաճիւղը մասնակցեցաւ շրջանի բոլոր միութիւնները ներկայացնող Aid Armenia յանձնախումբին աշխատանքներուն։ Հայաստան ուղարկուեցան մօտ 20,000 անգլիական ոսկի արժողութեամբ բժշկական առարկաներ եւ հագուստեղէն։ Մասնաճիւղը հոգաց նաեւ երկրաշարժի ժամանակ ծնած մանուկի մը բժշկութեան ծախսերը։
Թէեւ նորակազմ, ՀՕՄի Կիպրոսի Մեկուսի մասնաճիւղը, իր բոլո՛ր անդամուհիներով, հոգատար խնամք ցուցաբերած է 1989ի Օգոստոսին Հայաստանէն Կիպրոս դարմանուելու եկած մանուկներուն։
Միջին Արեւելքի տարածքին, Սուրիահայ Օգնութեան խաչը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ համագաղութային հանգանակութեան։ ՍՕԽի անդամուհիներուն ձեռամբ հաւաքուած գումարը հասաւ մէկ միլիոն սուրիական ոսկիի, իսկ Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերը մասնակցեցան հանգանակութեան՝ 100,000 սուրիական ոսկիով։
Հայաստան ուղարկուեցան 4 բեռնատար սաւառնակներ՝ 10 միլիոն սուրիական ոսկի արժող ապրանքներով (հագուստեղէն, բուրդէ վերմակներ, ելեկտրականութիւն արտադրող սարքեր, ուտեստեղէն, օճառ ու դեղօրայք)։ Այս ապրանքներու հաւաքման ու դասաւորման մէջ մեծ դեր ստանձնեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը։
Հակառա՛կ անոր, որ Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն լիբանանահայութիւնը ի՛նք տագնապալից օրեր կ’ապրէր, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը իր կարելին ըրաւ, որ իր մասնակցութիւնը բերէ աղէտահար հայրենիքի օգնութեան համահայկական ճիգերուն։
Արդարեւ, ԼՕԽը նախաձեռնողը եղաւ Արուեստական անդամներու կեդրոնի (prosthesis) ծրագրին եւ իր ջանքերով կարելի եղաւ աւելի քան 42 թոն դեղօրայք, ուտեստեղէն եւ անհրաժեշտ գործիքներ հասցնել Հայաստան։
Յորդանանի ՀՕՄի Մեկուսի Մասնաճիւղին աշխատանքը եղած է համագաղութային։ Հաւաքուած է մօտ 50,000 տինար եւ, ՀՕՄի ջանքերով, առաքուած է 15 թոն ուտեստեղէն, բրդեղէն, վերմակներ ու դեղօրայք։ Յորդանանի կառավարութեան միջոցաւ, ղրկուեցան նաեւ 2 բեռնատար սաւառնակ յաւելեալ դեղօրայք, ուտեստեղէն ու վրաններ։
ՀՕՄի Երուաղէմի, Հայֆայի եւ Եաֆայի մասնաճիւղերը մասնակցեցան գաղութի հանգանակութեան՝ շուրջ $1000ով։ 1989ի Յունիսին, 61 աղէտեալներ Իսրայէլ ժամանեցին դարմանումի համար։ Աղէտեալները բաժնուեցան Եաֆայի եւ Հայֆայի միջեւ ուր տեղւոյն ՀՕՄուհիները իրենց ամենօրեայ հոգատարութեան առարկայ դարձուցին հայրենի հիւանդները։
Այսպէս, մեր հայրենիքի ճգնաժամային այդ օրերուն, Հայ օգնութեան միութիւնը, ինչպէս միշտ, զինուորագրեց իր անդամ-անդամուհիները, իր անհամար համակիրներն ու բարեկամները, իր խնամատար ձեռքը երկարելով հայրենի աղէտահար հարազատներուն։ Բարոյական թէ նիւթական օգնութիւնը, որ ՀՕՄը կարողացաւ իրականացնել, համայն հայութեան ու անհամար օտար երկիրներու առատաձեռն նուիրաբերման կողքին, կարողացաւ ամոքել աննախընթաց այդ զուլումին պատճառած ցաւն ու աւերածութիւնը։
Այսօր, իր Հարիւրամեակի սեմին կանգնած այս Միութիւնը կը շարունակէ գործադրել ծրագիրներ՝ որոնք անդոհանքի մէջ ծնունդ առին այդ մահասփիւռ օրերուն, եւ այժմ, նո՛ր կեանք եւ յոյս կը սփռեն վերազարթնող մեր հայրենի ոստաններէն ներս։ Առա՛նց մեր ժողովուրդի շարունակական (բարոյական թէ նիւթական) աջակցութեան՝ դժուա՛ր թէ կարելի ըլլար իրականացնել Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեայ արգասիքը։