Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2008ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, ըստ աւանդութեան այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»՝ մանուկներուն հետ տօնելու համար Նոր Տարին: Խնամակալութիւնը, տեսուչ հայր սուրբը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնն ու մանուկները դիմաւորեցին վեհափառը: Մանուկները բոլորուելով կաթողիկոսին շուրջ՝ Նոր տարուան ուրախ երգերով ստեղծեցին իսկական Կաղանդի մթնոլորտ եւ մերթ ընդ մերթ ընդհատումներով պատասխանեցին Արամ Ա.ի հարցումներուն եւ փոխադարձաբար ներկայացուցին իրենց պահանջները: Անոնք շնորհակալութեան խօսքերով ընդունեցին վեհափառ հայրապետին նուէրները: Կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի «Թռչնոց բոյն»ի գործունէութեան եւ անհրաժեշտ կարիքները եւ դասաւորումները ըստ արժանւոյն կը հոգայ:
Մանուկները Ուրբաթ, 26 Դեկտեմբերի երեկոյեան, դարձեալ տօնեցին իրենց աւանդական Նոր տարին՝ այս անգամ ներկայութեամբ տարիներու հաւատարիմ եւ մնայուն բարերարներու, որոնք անշեղօրէն եւ անմոռաց կերպով ներկայ են «Թռչնոց բոյն»ի Նոր տարուան տօնախմբութեան՝ մանուկներուն հետ տօնելու եւ լաւագոյն նուէրներով ու ամենայն առատութեամբ ուրախացնելու զանոնք: Իսկ մանուկները իրենց երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ թատերական ելոյթներով կը յուզեն մեր հիւրերը:
Բոլորին վարձքը կատար եւ բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը շնորհաւոր: