Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնին եւ պատասխանատու դաստիարակներուն: Անոնք ընդունուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Առաջնորդը «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ դիմաւորեց աշակերտները եւ անոնց բացատրութիւն տուաւ առաջնորդարանի գործունէութեան մասին։
Այնուհետեւ, աշակերտները այցելեցին նորակառոյց շէնքի տարբեր բաժանմունքները՝ սկսելով «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռէն: