ԱԽԱԼՑԽԱ. «Ազգ».- «Միասնական Չաւախք» շարժումի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի, անոր հօր եւ եղբօր դատական գործերը տեղքայլի մէջ են: Ընտանիքի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեան Յունուար 12-13ին հանդիպած է անոր հետ բանտին մէջ, ու տեսած, որ բանտապահները բաւական վատթարացուցած են Չախալեանին պայմանները:
Նախապէս արդէն արգիլած էին գիրք ու գրականութիւն փոխանցել Չախալեանին, իսկ փաստաբանի այցելութեան ատեն, Չախալեանի խուցէն տարած էին նաեւ ձայնասփիւռը:
Չախալեանի ֆրանսացի փաստաբան Փաթրիք Արապեան Նոյեմբեր 18ին ժամանած էր Վրաստան, այցելած՝ Թիֆլիս ու Ախալքալաք, ուր հանդիպած էր Վրաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ֆուռնէի, ԵԱՀԿ վրաստանեան ներկայացուցչութեան մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի ղեկավար Առնէօ Լուոֆի, Եւրոխորհուրդի վրաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Կաոնի, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի աշխատակիցներուն հետ: Այդուհանդերձ, Չախալեաններու եւ փաստաբանին դիմումները մերժուած էին՝ որոշ փաստաթուղթերու պակասը պատճառաբանելով: Փաստաբան Ստեփան Ոսկանեան Չախալեանին այցելութեան զուգընթաց համապատասխան մարմիններուն ներկայացուց նաեւ Փ. Արապեանի համար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր, բայց կրկին առանց պատասխան ստանալու:
Չախալեանի դատական վերջին նիստը տեղի ունեցած էր Դեկտեմբեր 3ին, երբ, ըստ դատարանին, յայտնուած էին նոր մեղադրանքներ Պորժոմ քաղաքի դատախազութեան կողմէ. այս իսկ պատճառով, նոր նիստ տակաւին չէ որոշուած: Այսինքն, աւելի քան հինգ շաբաթէ ի վեր Պորժոմ քաղաքի դատախազութեան կողմէ ներկայացուած վաստաթուղթերը ընդամէնը 100 քիլոմեթր չեն կտրած՝ Պորժոմէն մինչեւ Ախալցխա, որպէսզի Չախալեաններն ու անոնց փաստաբանները իրազեկ դառնան Պորժոմեան նոր ամբաստանութիւններուն մասին: