Աշխարհի բոլոր երկիրներուն, մայրաքաղաքներուն, նոյնիսկ փոքրիկ գիւղերու բնակիչներուն մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ’ուզէ, որ իր երկիրը պատկերացուի ոչ իբրեւ թշնամի, հակառակորդ, կամ յանուն իր նեղ շահերուն ամէն միջոցի դիմելու պատրաստ գերտէրութիւն, այլեւ՝ իբրեւ բարեկամ, ցաւակից, իր ուժի, հնարաւորութիւններուն ու հարստութեան համապատասխան համաշխարհային բարօրութեան յանձնառու դրական ուժ:
Խանդավառ է Ամերիկան: Խանդավառ է իր նոր նախագահին բերած այսօրինակ խոստումներով: Խանդավառ, որ այլեւս այս հսկայ երկիրը իր ապահովութիւնը պիտի փորձէ երաշխաւորել ոչ թէ ուժի կիրառումով, ոչ թէ թշնամանք հրահրող այսպէս կոչուած կանխարգիլող գործողութիւններով, այլեւ՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ստեղծման ճանապարհով:
Խանդավառ է Ամերիկան եւ իր փրկութիւնը, զինք գրեթէ ծունկի բերած տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու ոգին, յոյսն ու լաւատեսութիւնը այդ խանդավառութեան պահպանման մէջ պիտի գտնէ:
Դժուար է պատկերացնել, որ անհատ քաղաքական գործիչ մը, նոյնիսկ աշխարհի մեծագոյն պետութեան ղեկավարը, պիտի կարենայ մինակը փոփոխութիւն մտցնել համաշխարհային չափերով տնտեսական ու քաղաքական կեանքը ղեկավարող կարծրացած մտածողութեանց մէջ, եւ զանոնք փոխարինել առաւել արդար, առաւել մարդկային մօտեցումներով:
Ուաշինկթընէն թեւածող ու աշխարհով մէկ տարածուած խանդավառութեան ալիքը, սակայն, կրնայ ստեղծել այն կախարդական ուժը, որ պիտի իրականացնէ սպասուած փոփոխութիւնը, բարեփոխութիւնը:
Իսկ մենք, իւրաքանչիւրս, մեր բաժինը ունինք այս փոփոխութեան գործընթացին մէջ: Ձեռնածալ մնալը ներելի չէ: