ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նամակաբաշխութեան սպասարկութիւնը հաղորդեց, թէ Մայիս 11էն սկսեալ առաջին կարգի նամակ մը (մինչեւ մէկ աունս) ղրկելու դրոշմաթուղթին սակը 2 սէնթով պիտի բարձրանայ՝ հասնելով 42 սէնթի:
Յաւելեալ մէկ աունսին համար սակը (17 սէնթ) պիտի մնայ անփոփոխ:
Դէպի Քանատա նամակներու դրոշմաթուղթին նոր գինը պիտի ըլլայ 75 սէնթ, իսկ Մեքսիքայի ու այլ երկիրներու պարագային, սակը պիտի բարձրանայ յաջորդաբար 79 ու 98 սէնթի:
Նկատի ունենալով, որ սպասարկութիւնը անցեալ տարի 2.8 միլիառ տոլարի վնաս մը կրած էր, առաջարկուած էր սակերը աւելի բարձր համեմատութեամբ բարձրացնել, սակայն առաջարկը մերժուած էր: Ծախսերը նուազեցնելու համար, առաջարկուած է աշխատանքի ժամերը կրճատել ու վեցէն հինգի իջեցնել նամակաբաշխումի օրերը: