ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան չորրորդ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ Հինգշաբթի օր, կազմակերպութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանը:
Համագումարը տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ 588 պատուիրակներու եւ հիւրերու, որոնց շարքին էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
Համագումարին ելոյթ ունենալով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հ. Մարգարեան, Դաշնակցութեան անունով ողջունեց մասնակիցները, նշելով, որ թէեւ նորաստեղծ կուսակցութիւնները երկրի քաղաքական դաշտին մէջ թիւով շատ են, սակայն դժուար է նոյն յարգանքով խօսիլ բոլորին մասին:
«ԲՀԿն շատ կարճ ժամանակում ստեղծեց իր ձեռագիրը, ունեցաւ իր նկարագիրը, բնաւորութիւնը, եւ այս առումով գնահատելի է «Բարգաւաճ Հայաստան»ի գոյութիւնը մեր քաղաքական կեանքում, որտեղ յաճախ տեսնում ենք խարխափումներ, քաղաքականութիւնն անբարոյականութեան հետ շփոթելու երեւոյթներ, տատանումներ», յայտնեց Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ «ԲՀԿի ձեռագիրն ու բնաւորութիւնը», ուղին, մօտեցումները, գործելաոճը եւ սեփական շահի գիտակցումը բացառիկ կը դարձնեն անոր դերակատարութիւնը՝ նորաստեղծ քաղաքական ուժերուն շարքին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութեան ծիրէն ներս, քանիերորդ տարին ըլլալով արդէն կը համագործակցի, նպատակ ունենալով հզօրացնել երկիրը, հաստատել կայունութիւն:
Կառավարութեան մէջ այս երկու դաշնակիցները սկսել են համագործակցիլ նաեւ Հայ Դատի բնագաւառին մէջ. այդ առումով, Հ. Մարգարեան յոյս յայտնեց, որ այս օրինակը կը վարակէ նաեւ քաղաքական միւս ուժերը: