ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նկարիչներու միութեան յարկին տակ երէկ բացումը կատարուեցաւ «ART EXPO» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ներկայութեամբ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ 2008ին իրականացած աշխատանքները, տեսանիւթերու եւ նկարներու միջոցով արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ այս տարի նախատեսուող ծրագիրները:
Ցուցահանդէսի բաժիններէն են՝ շարժապատկեր, թատերարուեստ, տեղեկատուական տպագիր եւ ելեկտրոնային գիրքեր, ամսագիրներ, մշակութային ծրագիրներ, երաժշտարուեստ, թանգարաններ, ինչպէս նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններ եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւն: