ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 19ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Նիւ Եորքի «Այոնիա» համալսարանի դասախօս դոկտ. Ճորճ Պուրնութեան պիտի ներկայացնէ իր թարգմանած նոր հատորը, Կլէնտէյլի «Ապրիլ» գրախանութին մէջ (415 E. Broadway, Suite 102): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Պուրնութեան առաջին անգամ ըլլալով անգլերէնի թարգմանած է Երեւանի Սիմէոն կաթողիկոսի «Չամբռ» հատորը, որ հարուստ աղբիւր մըն է 18րդ դարու հայութեան մասին՝ քաղուած Ս. Էջմիածինի արխիւներէն: Հատորը հրատարակուած է «Մազտա» հրատարակչատան կողմէ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին, իսկ հատորը ապահովելու համար այցելել http://www.abrilbooks.com/books/8331.html կայքէջը: