14 Յունուար 2009ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի արուեստի ընկալման եւ արժեւորման հարցերուն, մասնաւորաբար՝ անգլոսաքսոն Արեւմուտքին մէջ:
Օրուան բանախօս, երաժշտագէտ Հայկ Աւագեան հաստատեց, թէ Ա. Խաչատուրեան եղած է սիրուած, գնահատուած երաժիշտ մը՝ շեշտելով, թէ անոր ստեղծագործութիւնները մնայուն ներկայութիւն են բարձրակարգ նուագախումբերու յայտագիրներուն ընթացքին:
Բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 1940-1970ական թուականներէն մինչեւ այս օրերուն եւ բացատրեց, թէ Ա. Խաչատուրեանի արուեստի գնահատումը անգլոսաքսոն աշխարհին մէջ եղած է հակասական՝ ըստ ժամանակին եւ պարագաներուն: