2008ի տարեվերջի մամլոյ ասուլիսին, Ղարաբաղի ընկերային ապահովութեան նախարար Նարինէ Ազատեան նշած էր, թէ 2008ին իրագործուած եւ իրագործման ընթացքի մէջ եղած են բարեգործական 64 ծրագիրներ՝ շուրջ 4 միլիառ դրամ գումարի չափով:
Բարեգործական ծրագիրներու համակարգման բաժինի պետ Ռուզաննա Խոջայեանի համաձայն, ծրագիրները կ’ընդգրկեն հանրապետութեան ընկերային անապահովութեան մէջ ապրող խաւեր: Անոր խօսքերով, իր վարած բաժինը մշակած եւ հրատարակած է ներկայիս գործադրուելիք առաջին 11 ծրագիրներուն առձեռն գրքոյկ մը՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Յիշատակի արժանի է արցախեան պատերազմի 1ին կարգի հաշմանդամներուն ձեռքի կառավարման ինքնաշարժ տրամադրելու ծրագիրը: 2008ի ընթացքին կառավարութեան եւ բարերարներու օժանդակութեամբ արդէն մեքենաներ ստացած են 25 հաշմանդամներ:
Ուրիշ ծրագիրով մը կը նախատեսուի վերակառուցել Շուշիի գիշերօթիկ հաստատութիւնը անապահով ընտանիքներու երեխաներուն համար, ընդհանուր 650 միլիոն դրամ գումարով:
Ծնողական խնամքէ զրկուած 15 երեխաներու բնակելի տուներու եւ գոյքերու համար տրամադրուած է 135 միլիոն դրամ, Շուշիի մէջ առողջարանային կեդրոնի կառուցման համար՝ 930 միլիոն դրամ, 5էն 18 տարեկան երեխաներ ունեցող ընտանիքներու համար տուներու կառուցման եւ վերանորոգման գործին՝ 640.0 միլիոն դրամ, ինչպէս նաեւ այլ գումարներ՝ 7էն աւելի երեխաներ ունեցող 58 ընտանիքներ գոյքով, մեղուափեթակով եւ ընտանի կենդանիներով ապահովելու, հաշմանդամներուն մարզական սարքեր, ճեպանիւներ եւ լսողական թուային սարքեր տրամադրելու համար:
Կը նախատեսուի նաեւ զոհուած ազատամարտիկներու 1160 ընտանիքներու բնակարանները ջեռուցումով եւ տաք ջուրով օժտեու համար տրամադրել 1259 միլիոն դրամ:
Ռուզաննա Խոջայեան նաեւ յայտնեց, թէ այս տարի Ղարաբաղի մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել բարերարներու միջազգային համաժողով, որուն նպատակը պիտի ըլլայ համակարգել բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու գործունէութիւնը, խրախուսել եւ գնահատել մեծ ներդրում ունեցող բարերարները եւ սերտացնել անոնց միջեւ համագործակցութիւնը: