ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խորհրդարանը Փետրուար 4ին քննարկեց «Հայաստանի հանրապետութեան զինանշան»ի օրէնքին ուղղութեամբ ՀՅԴ խմբակցութեան հեղինակած նախագիծը, որով մասնաւորապէս կ’առաջարկուի արգիլել Հայաստանի զինանշանի պատկերին, կառուցուածքին եւ գոյներուն փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ զինանշանի պատկերին կամ բաղադրիչներու պատճէնահանուած գործածումը՝ այլ զինանշաններու կամ խորհրդանիշներու մէջ:
Նախագիծին մէջ կ’ամրագրուի նաեւ, թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու զինանշաններ, կազմակերպութիւններու խորհրդանիշներ եւ այլ զինանշաններ կարելի չէ շփոթութեան աստիճան նման ըլլան Հայաստանի զինանշանին:
Նախագիծի համահեղինակ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան բացատրեց, թէ ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցած այս օրինագիծին նպատակն է կանխարգիլել զինանշանին հնարաւոր ձեւախեղումն ու անարգումը:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցած այլ նախագիծ մը կ’առաջարկէ լրացում կատարել «Հայաստանի տօներ եւ յիշատակի օրեր» օրէնքին մէջ:
Կ’առաջարկուի Օգոստոս 11ը նշել իբրեւ Հայոց ազգային ինքնութեան օր, իսկ անոր նախորդող 5 օրերը՝ Օգոստոս 6-11, համարել Նաւասարդեան տօներու օրեր, եւ այդ ուղղութեամբ կազմակերպել համահայկական միջոցառումներ (խորհրդաժողովներ, մարմնակրթական, մշակութային եւ այլ բնոյթի ձեռնարկներ), իսկ օրուան ընտրութիւնը կը խորհրդանշէ Հայոց Բուն տոմարի սկիզբը: