ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան կողովագնդակի կանանց խումբը, առանց որեւէ պարտութիւն կրելու՝ տիրացաւ երկրի ախոյեանութեան բաժակին: Այդպիսով, «Արարատ» խումբը հնարաւորութիւն ունի մասնակցելու Սուրիոյ մէջ կայանալիք Արեւմտեան Ասիոյ միջակումբային մրցումներուն: