ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ուրկանտայի պատերազմին ընթացքին պարտադրաբար ճակատ ուղարկուած պատանիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն նուիրուած «Պատերազմի երեխաներ» վաւերագրական շարժապատկերին հրապարակման նպաստելու համար, «Արինա» կազմակերպութիւնը կազմակերպած է դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 2ին, Կլէնտէյլի «Նոթէ Լունա» ճաշարանին մէջ (113 N. Maryland): Ելոյթ պիտի ունենայ «Էլէմընթ» նուագախումբը ու լուռ աճուրդի մը ընթացքին պիտի ծախուին Վահէ Պէրպէրեանի, Վաչաքի, Սեւի, Ֆարզատ Քարիմիի, Սէմ Սաղաթէլեանի, Էտիկ Յակոբեանի ու այլ արուեստագէտներու գործեր:
«Պատերազմի երեխաներ» վաւերագրական շարժապատկերին բեմադրիչն է Պրայն Սինկըլ:
Տոմսերը կանխօրօք ապահովողներուն համար մուտքը 20 տոլար է, իսկ տեղւոյն վրայ՝ 25 տոլար: Տոմսեր ապահովելու համար դիմել www.itsmyseat.com համացանցային հասցէին, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ arenaproductions@yahoo.com հասցէին կամ (818) 517-0203 թիւին: