ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Մարտ 17ին հաղորդեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին նոր բնակարաններու կառուցումը 22.2 տոկոսի աճ մը արձանագրած է, բաղդատած Յունուարի տուեալներուն՝ անակնկալի մատնելով տնտեսագէտները: Սակայն, մասնագէտներ նկատել կու տան, որ այս ոստումը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ եւ կ’աւելցնեն, թէ բաղդատած անցեալ տարուան տուեալներուն հետ, նոր բնակարաններու կառուցման համեմատութիւնը 47.3 տոկոսով նուազած է:
Նաեւ, աշխատանքի նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ Փետրուարին մեծաքանակ գնումներու սղաճը միայն 0.1 տոկոսի աճ արձանագրած է, շնորհիւ ուտեստեղէնի գիներուն արձանագրած նուազումին: Յունուար ամսուան ընթացքին այս տուեալը 0.8 տոկոս եղած է, մեծ մասամբ ուժանիւթի գիներուն արձանագրած աճին հետեւանքով: Մինչ ուժանիւթի գիները շարունակած են աճիլ (1.3 տոկոսով), ուտեստեղէնի գիները 1.6 տոկոսի նուազում արձանագրած են: Տնտեսագէտները կ’ակնկալէին, որ Փետրուարին սղաճը 0.4 տոկոս ըլլար:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը եւ Քոնկրէսը Երեքշաբթի օր խոստացան քայլերու դիմել՝ ետ առնելու համար պետութենէն 170 միլիառ տոլար օժանդակութիւն ստացած «Էյ.Այ.Ճի.» ընկերութեան պաշտօնեաներուն տրուած յաւելեալ 160 միլիոն տոլար վարձատրութիւնները, որոնք բողոքի մեծ ալիք մը բարձրացուցած են: