ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երէկ՝ Մարտ 18ին, Ազգային ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ փոխոստիկանապետ Յովհաննէս Յունանեան յայտարարեց, թէ Մարտ 1էն ետք ոստիկանութեան համակարգէն աշխատանքէ արձակուած են բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք:
Վերոնշեալ ելոյթէն ետք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ փոխոստիկանապետը լուսաբանեց, թէ գործէ արձակուածները չեն մեղադրուած Մարտ 1ի դէպքերուն մեղսակցութեան համար, այլ՝ «Այդ իրադարձութիւնները ենթադրում էին, որ գուցէ ոստիկանութիւնն ու ոստիկանութեան զօրքերը ճիշդ չեն կարողացել կազմակերպել գործողութիւնները տուեալ իրավիճակում, եւ հետեւանքները այդքան բարդ են եղել», ըսած է Յունանեան, որ նաեւ յայտարարած է, թէ պէտք է սպասել քրէական գործի նախաքննութեան աւարտին, գիտնալու համար թէ ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարները կամ ոստիկանութեան աշխատակիցները մեղք ունեցա՞ծ են, թէ՝ ոչ. սակայն, ըստ անոր, առայժմս արդէն յստակ է, որ գործողութիւններու կազմակերպման թերացում գոյութիւն ունէր: