Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Ղոլմիէի, Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2009ին, «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» քոլէճի 25ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեանի, նախկին երեսփոխան Ժաք Չուխատարեանի, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան եւ մշակութային, կրթական, քաղաքական, մարզական ու առողջապահական միութիւններու ներկայացուցիչներու։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ճակատագրական տարիներուն, 1983ին ստեղծուեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճը, որ արտագաղթի ու ձուլման հոսանքին դէմ յանդիման առաջին օրէն իսկ դարձաւ հայ երաժշտութեան ու երգի տարածման հաստատուն ամրոց մը։
Քոլէճի շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան, որ գնահատեց երաժշտական-ակադեմական եւ ազգային-երաժշտական կրթութեան կարեւորութիւնը։ Իսկ քոլէճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ յայտնեց, որ այս յոբելեանը նախ եւ առաջ ուսուցիչի աշխատանքի գնահատանքին առիթն է, եւ Ուսուցչաց տօնի նախօրեակին երախտագիտութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար։
Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Ղոլմիէ, իր կարգին ներկաներուն յայտնեց, որ ինք հանդիսութիւնը արժեւորելէ ետք արդէն պատրաստ է գործակցութեան համաձայնագիր կնքելու «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճին հետ։
Ձեռնարկի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Առաջնորդը նշեց, որ այս տօնը յաղթանակի ու միասնաբար ապրելու ու գործակցելու օր է։ Ապա, ան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը:
Ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բ. Կանաչեան» քոլէճի շրջանաւարտներն ու աշակերտները, որոնք ջութակահարներու եւ կիթառահարներու խումբերով, եռեակներով եւ անհատական կատարումներով արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատականին։
Նաեւ ներկաները դիտեցին քոլէճի 25ամեայ երթը ծանօթացնող տեսաերիզ մը: Այս առիթով «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Համազգային»ի յուշանուէրով արժեւորեց Ուալիտ Ղոլմիէի գործակցութեան ոգին։