«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Երէկուան լուրերը այնքան ալ յուսալի չէին ամերիկեան ամէնէն հին թերթերէն մէկուն՝ «Պոսթըն Կլոպ»ի համար: 1872ին հիմնուած այս թերթը նիւթական ծանր վիճակի մատնուած ըլլալով՝ դժուարին բանակցութիւններու ձեռնարկած էր իր աշխատողները ներկայացնող բանուորական միութեան պատասխանատուներուն հետ: Այս բանակցութիւններու արդիւնքէն կախեալ է թերթի ճակատագիրը:
Շատ հաւանաբար պատմական այս թերթը դադրեցնէ իր հրատարակութիւնը՝ ցաւագին ազդարարութիւն մը յղելով աշխարհով մէկ, ընդհանրապէս տպագիր մամուլին սպասող ոչ-փայլուն ապագային համար:
Այս տխուր լուրին ազդեցութեան տակ կը մտորենք մեր «փոքր ածուի» մասին: Արդարեւ, հարիւրամեայ «Ասպարէզ»ը նիւթական միջոցներու տեսակէտէն երբեք ապահովուած հաստատութիւն մը չէ եղած: Այսուհանդերձ, իր բաժանորդներու վճարած սակերով, ծանուցումներով ու տարբեր առիթներով ստացած նուիրատուութիւններով, «Ասպարէզ» կրցած է ոչ միայն դիմանալ տնտեսական դժուարութիւններուն, այլ նոյնիսկ համարձակօրէն ձեռնարկած է ընդարձակման աշխատանքներու:
«Հորիզոն»ը, որ կանգնած է իր քսանամեակի սեմին, արդէն իրականացուցած է իր յայտագիրները թարմացնելու առաջին փուլը՝ իր սկսած «180 րոպէ» լրատուական վերլուծական երեք ժամեայ ծրագիրով, եւ նոր նախագիծեր պատրաստելու ու իր դիտողներու աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու հանգրուանը կը թեւակոխէ:
Թէ՛ «Ասպարէզ»ին եւ թէ՛ «Հորիզոն»ին իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու համար, անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ հաւաքուած էին աւելի քան հարիւր յիսուն հոգի: Մթնոլորտը ջերմ էր, ընկերական: Ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով հաւաքուեցաւ 27,000 տոլար: Հիւրասիրութիւնը յանձն առած էր ճաշարանին տէրը՝ Արա Գալֆայեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին յատուկ գնահատանքի արժանացան այն մեծ հաստատութիւններու սեփականատէրերը, որոնք «Ասպարէզ»էն եւ «Հորիզոն»էն նշանակալի չափերով ծանուցումներ տուած են՝ հանրութեան ներկայացնելով իրենց ապրանքանիշները: Այսպէս, գնահատուեցան «Գարուն Տէյրիզ», «Գրաճեան իմփորթ էնտ էքսփորթ», «Սայտըն Թրաւըլ», «Ռեմըտի Տրակզ», «Միշըն Լիքըր», «Հոլիվուտ Փրէսպիթէրիըն», «Քալիֆորնիա ֆըրթիլիթի», «Ապըթ էնտ հասթ» եւ «Ամերիքըն արմինեըն մէտիքըլ սոսայիթի»ի ներկայացուցիչները: Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ նաեւ «Ասպարէզ»էն ամէնէն երկար տարիներու ծանուցող Պետրոս Մարոնեանը:
Այս տեղեկագրութիւնը ներկայացնելով, կ՛ուզենք առիթը չփախցնել մեր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելու «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի բաժանորդներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ միայն նիւթապէս, այլեւ բարոյապէս կանգնած են այս հաստատութիւններուն կողքին եւ պատնէշ դարձած՝ անյուսալի հեռանկարներու առջեւ:
Մենք յոյսով կը նայինք ապագային՝ ձեր բոլորին շնորհիւ: