ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն՝ մասնակցելու համար Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրուան եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի վերջին քննարկումներուն լոյսին տակ, նախագահ Սարգսեանի Ղարաբաղ այցելութիւնը վստահաբար առիթ պիտի դառնայ, որ արցախցիք պարզաբանումներ ստանան Հայաստանի ղեկավարէն՝ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ ընթացքին եւ այդ գործընթացին մէջ՝ զիրենք չափազանց մտահոգող Թուրքիոյ դերակատարութեան վերաբերեալ: