ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով՝ Ապրիլ 22-24 օրերուն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան դէմ շարք մը ձեռնարկներ՝ համագործակցութեամբ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ցանցին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Եռօրեայ ձեռնարկներն ու հանդիպումները առիթ մը հանդիսացան, որ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչներ իրենց մտահոգութիւնները ուղղակիօրէն փոխանցեն մօտաւորապէս 400 քոնկրէսականներու եւ անոնց գրասենեակներու անձնակազմերուն:
Այս տարի, գործիչներուն մտահոգութիւնները կը կեդրոնանային յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման ու Տարֆուրի մէջ ցեղասպանութեան կասեցման վրայ: Անոնք իրենց խորհրդակցութեանց ընթացքին շեշտեցին, թէ ուրացման քաղաքականութեան դէմ դնելն ու ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու աշխատանքը պէտք է միասնաբար առաջ տարուի:
Այս աշխատանքներուն իբրեւ ուղղակի արդիւնք, Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը հովանաւորողներուն թիւը բարձրացաւ 116ի:
Այս աշխատանքներուն կողքին, Քոնկրէսի մէջ տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին (Ապրիլ 22) յաջորդող օրերուն, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ 16 քոնկրէսականներու հետ՝ վերոնշեալ հրամայականները անձամբ փոխանցելով անոնց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.