ՖՐԵԶՆՕ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ շրջանի հայութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին առիթով մասնակցած է ոգեկոչման քայլարշաւի մը՝ սկսելով Սասունցի Դաւիթի արձանին առջեւէն եւ հասնելով մինչեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարան, ուր տեղի ունեցած է դրօշակի արարողութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներ ունեցած են քոնկրէսական Ճիմ Քոսթա, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Տէյվ Քակտիլ, Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչ Տէպի Փուչիկեան, Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուէրինկըն, Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Անտրէաս Պորկաս եւ յայտնի իրաւաբան Մարք Կիրակոս:
Ներկայ էին նաեւ քոնկրէսական Ռատանովիչի եւ Նունէզի ներկայացուցիչները:
Հայ Դատի յանձնախումբի բանբեր Ռիչըրտ Սանիքեան ողջունեց ձեռնարկին յաջողութիւնը եւ մեծ թիւով պետական ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը: