ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը անցնող շաբաթավերջին երկու օրուան հացադուլի դիմեց Տիարպէքիրի մէջ՝ բողոքելով կուսակցութեան դէմ ապահովական մարմիններուն կողմէ ի գործ դրուած ճնշումներուն ու ձերբակալութիւններուն դէմ:
Հացադուլին մասնակցեցան մօտաւորապէս տասը հազար հոգի՝ գլխաւորութեամբ կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրքի, մեծաթիւ երեսփոխաններու ու քաղաքապետներու։ Ահմէտ Թիւրք հացադուլի կապակցութեամբ խիստ յայտարարութիւն մը ըրաւ կառավարութեան դէմ եւ ըսաւ, որ հակառակ սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ «լեռ բարձրացածները լեռներէն վար բերելու» նպատակով առաջարկուած խաղաղ միջոցառումներուն, կառավարութիւնը իր կուսակցութեան դէմ կատարուած գործողութիւններով կը քաջալերէ լեռ բարձրացողները:
Կուսակցութեան դէմ գործողութիւնները սկսած էին այն ամբաստանութեամբ, թէ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչը դարձած է։ Ձերբակալուած են 52 կուսակցականներ, որոնց մէջ կան բարձրաստիճան գործիչներ։
Ահմէտ Թիւրք կառավարութիւնը քննադատեց ու ըսաւ, որ Մարտ ամսուան վերջին ընտրութիւններով արձանագրուած նահանջի պատճառաւ է, որ կառավարութիւնը դիմեց ձերբակալութեանց արշաւին:
Կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրք, որ իր ելոյթէն ետք տեղ գրաւեց վրանի մը տակ, ցուցարարներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը գովաբանող քրտերէն բացագանչութիւններով՝ «Կեցցէ նախագահ Աբօ», «Ակռայի դէմ ակռայ, արեան դէմ արիւն. մինչեւ վերջ քեզի հետ ենք Օչալան» եւ «Ճնշումները չեն կրնար մեզ վհատեցնել»։