ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երկուշաբթի, Մայիս 4ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ոստիկանութեան անձնագրերու վարչութեան պետ Նորայր Մուրադխանեան յայտարարեց, թէ Ապրիլ 20ի դրութեամբ, Երեւանի մէջ աւագանիի ընտրութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած են 771.353 ընտրողներ, որոնք կը կազմեն երկրի ընտրողներու ընդհանուր թիւին 32 տոկոսէն աւելին:
2008 թուականի Յուլիս 1էն մինչեւ 2009ի Յունուար 1ը, ընտրողներու թիւը բարձրացած է 4274ով, իսկ 2009ի առաջին եռամսեակին, թուաքանակի աճը կազմած է 7570, որմէ 2511ը փախստականներն են եւ կեցութեան յատուկ կարգավիճակ ունեցող օտարերկրեայ քաղաքացիները:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրողի հարցումին պատասխանելով՝ Ն. Մուրադխանեան հաստատած է, թէ՝ «Ընտրացուցակներում հաշուառում չունեցող մարդ չի կարող ընդգրկուած լինել», բացատրելով, որ երբ Երեւանի բնակիչ մը Երեւանի իր հասցէէն դուրս գայ եւ արձանագրուի այլ շրջանի մը մէջ, ան չի կրնար մնալ վերջնական ցուցակին վրայ:
Նոյն ասուլիսին, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Գարեգին Ազարեան ընտրողներուն բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ընտրողները կրնան մերժել որեւէ ճնշում քուէարկութեան ժամանակ: Ան նաեւ բացատրեց, որ երբեմն կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ տունէ տուն շրջելով՝ կը հաւաքեն ստորագրութիւններ ու տուեալներ, եւ կը կազմեն ցուցակներ. այդպիսի ցուցակներ չեն ընդգրկուիր ընտրութեան մէջ: «Ցուցակներում ընդգրկուած լինելը չի կարող լինել պարտադիր խոստում, որովհետեւ, մեր ընտրողը գիտի ի՛նչ թուղթ էլ ստորագրի, ի՛նչ անձնագրային համար էլ տայ, ում ի՛նչ խոստում տայ, երբ գնում է խցիկի հետեւը, ինքն է եւ վերեւը Աստուած, եւ քուէարկում է այնպէս, ինչպէ՛ս ուզում է՝ անկախ նրանից, թէ մինչ այդ պահը ո՛ւմ, ի՛նչ է ասել», հաստատեց Գ. Ազարեան: