ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2009ի Յունուար-Մարտ ամիսներուն, Հայաստանի պետական ամավարկի եկամուտները կազմած են շուրջ 139.8 միլիառ դրամ, իսկ ծախսերը՝ 153.4 միլիառ:
Նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին համեմատ, տուրքերու նուազումի պատճառով պետական ամավարկի եկամուտները այս տարի նուազած են 9.7 տոկոսով, կամ՝ 14.9 միլիառ դրամով, իսկ 2009 թուականի առաջին եռամսեակին, պետական ամավարկը կատարուած է 13.6 միլիառ դրամի պակասուրդով, ինչ որ նուազ է քան նախատեսուած 33.1 միլիառի պակասուրդը:
Ներքին աղբիւրներէ ստացուած է շուրջ 23.5 միլիառ դրամ, կամ՝ նախատեսուածին 54.9 տոկոսը միայն, իսկ արտաքին աղբիւրներու գծով արձանագրուած է 9.9 միլիառ դրամի յաւելուրդ, կամ՝ նախատեսուածին 102.5 տոկոսը: