ՈՒՔՐԱՆԻԱ
Ղրիմի հայերը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգեցին Սիմֆերոպոլի մէջ կազմակերպուած աղօթքով, հանրահաւաքով եւ երթով։ Միջոցառումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 500 հայեր, որոնք կը կրէին Ղրիմի եւ Հայաստանի դրօշները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Թուրքիա՛, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է ներկայիդ ու ապագայիդ համար», «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ ուղին է դէպի Եւրոպական միութիւն», եւ այլն։
ԱՅՆՃԱՐ
23 Ապրիլի երեկոյեան, Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ հայութիւնը համախմբուած էր ընդառաջելով ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի հրաւէրին՝ յարգելու համար Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակը։
Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր պետերը, Պեքաայի հայ երեսփոխան Ճորճ Գասարճի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, գիւղի միութենական եւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հայորդիներ։
Մասնաճիւղին անունով Նարէ Հաւաթեան կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը ներկայացուցին Այնճարի երեք վարժարաններու աշակերտները, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց այս առիթով Դամասկոսէն հրաւիրուած դոկտ. Նորա Արիսեանը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայ Դատի այսօրուան իրավիճակը, անդրադարձաւ ցարդ տարուած աշխատանքներուն։ Արիսեան նաեւ այս առիթով ներկաներուն փոխանցեց կարեւոր տեղեկութիւններ՝ արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած վկայութիւններուն։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր ոգեկոչման ձեռնարկները գաղութէ գաղութ։ Ձեռնարկի աւարտին, ժողովուրդը բաց դաշտին վրայ կրակէ գիրերով ընթերցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող նախադասութիւնը՝ «94ամեայ անդուլ պայքար»:
Ժողովուրդը սրահէն ելլելով՝ քայլարշաւով ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրը, ուր ծաղիկներ զետեղեց ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ քանդակին դիմաց:
Իսկ 24 Ապրիլի առաւօտեան, գիւղի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, մինչ ժողովրդային հաւաքը տեղի ունեցաւ նոյն օրը յետմիջօրէին, «Հետուիկ» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր պետերն ու հոծ թիւով բազմութիւն մը։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան, ապա ազգային երգերու փունջով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Պեպեճեան:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց տոքթ. Արա Անանեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայկական Հարցի հիմնական երեսները, անդրադարձաւ վերջին տարիներուն արձանագրուած զարգացումներուն, յատկապէս անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն մուտք գործելու իրականութեան:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի «Պահպանի»չով։
ԱԲԽԱԶԻԱ
Աբխազիոյ մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 94ամեակը՝ հոն բնակող Համշէնահայութեան կողմէ, որոնք ժառանգորդներն են Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն:
Սուխումի դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին աշակերտները ընթերցեցին նահատակ գրագէտներուն կողմէ Հայոց ողբերգութեան վերաբերող արձակ գրութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին հնչեցին հայկական երգեր եւ մոմերով զարդարուած ծաղկեպսակ մը նետուեցաւ ծով՝ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անթաղ հայ նահատակներուն։
Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ժապաւէն մը։
ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կեդրոնական մարմնի կազմակերպութեամբ, 24 Ապրիլի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, Լիբանանի ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոսը, լիբանանահայ կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ։ Այս առիթով իբրեւ պատգամախօս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան կեդրոնական մարմնին անունով խօսք առաւ Սեդա Խտըշեան, որ լուսարձակի տակ առաւ նորօրեայ զարգացումները, որոնց լոյսին տակ հայութիւնը ազգովին նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը կանգնի։ Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն 94 տարիներ ետք Հայաստանի երեք հանրապետութիւններուն եւ տարտղնուած Սփիւռքի համեստ ճիգերն ու աշխատանքներուն արդիւնքները բաւարար չեն, եւ յայտնեց, թէ այս աշխատելաոճը եւ պատասխանատուութիւններէ խուսափումը կրնայ վատ օրինակ հանդիսանալ նաեւ յառաջիկայ սերունդներուն։
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումներուն՝ Ս. Խտըշեան հարց տուաւ, որ Հայաստանի իշխանաւորներուն համար ո՞ւր կը տեղադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ ի՞նչ ճակատագիր վերապահուած է անոր, ինչպէ՞ս պիտի լուծուի Ղարաբաղեան հարցը, եթէ այս բոլորին իրաւատէրը նման քաղաքականութիւն կը վարէ։
Գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցան «Մեծ լռութիւն» թատերական ներկայացումէն հատուած մը, պարախմբային «Արցախ», «Կռունկ», «Սարդարապատ» եւ «Ազգագրական պարեր» եւ «Միասնութեան շուրջպար» ելոյթները։ Նաեւ միացեալ ելոյթով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի», Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ», Հայ աւետարանական «Արմիս», Համազգայինի «Գուսան» եւ «Այգ», Լիբանանի հայոց թեմի «Առաքելոց» երգչախումբերը:
Օրուան պատգամաբերն էր շուրջ տասնամեակ մը Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, որ իր խօսքին մէջ հիմնականօրէն անդրադարձաւ իր պաշտօնավարութեան շրջանին եւ ներկայիս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման զուգորդուող պարագաներուն եւ պայմաններուն՝ մատնանշելով, որ բոլոր պարագաներուն ալ պէտք է ըլլալ զգաստ, որպէսզի Հայաստանն ու Սփիւռքը միասնաբար տուժողը չըլլան այս գործընթացէն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հաշուոյն անարդար զիջումներ չկատարուին: