Հայաստանեան «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութենէն կ’իմանանք, թէ Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեսիա Ճուլիա տարածաշրջանի Փազիան Տէ Փրաթօ քաղաքին մէջ, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքի ջանքերով, Ապրիլ 18ին հիմնադրուած է «Հայկական զբօսայգի. 1915» պուրակը, որ իր վերջնական տեսքը պիտի ստանայ այս տարուան աշնան:
Վերջին ամիսներուն ընթացքին, վերոնշեալ շրջանին մէջ ասիկա առաջին նախաձեռնութիւնը չէ, որ կը կատարուի: Արդարեւ, շրջանի կեդրոնը գտնուող Ուտինէի մէջ, 2008ի Նոյեմբեր 15ին, «Հայկական զբօսայգի. 1915» պարտէզին մէջ տեղադրուեցաւ հայաստանցի քանդակագործներու հեղինակած հայ-իտալական բարեկամութիւնը խորհրդանշող «Ոսկէ նուռ» քանդակը: